Հարաւային Լիբանանի թէ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն ուղղութեամբ իսրայէլեան յարձակման գլխաւոր թիրախ դարձան Լայլաքի, Հատաթ, Հարեթ Հրէյք եւ այլ շրջաններ նախօրօք յայտարարած ազդարարութիւններէն ետք: Իսրայէլեան անօդաչու սարքեր երէկ` չորեքշաբթի դարձեալ շարունակեցին շրջիլ հարաւային Լիբանանի թէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վերեւ, ահաւոր տաղտուկ ստեղծելով մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ:
Իսրայէլ նախքան իրանցի դիւանագէտներու Լիբանանէն հեռանալ հրահանգող իր սպառնալիքի ժամկէտի աւարտը երէկ այգաբացին ռմբակոծեց Պէյրութի արեւելքը գտնուող Հազմիէի մէկ պանդոկի առաջին յարկը: Օգնութեան փութացող ճիգերէն ետք կարելի եղաւ իրանցի դիւանագէտի մը ածխացած դիակը յայտնաբերել թիրախաւորուած պանդոկի յարկաբաժինէն: Նմանապէս, իսրայէլեան ուժեր ուղղակի հարուածներով թիրախաւորեցին Հատաթի, Լայլաքիի, Հարեթ Հրէյքի եւ մերձակայ շրջաններու բնակարաններ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլ նմանօրինակ յարձակում գործեց Պաալպեքի բնակարանային մէկ համալիրին վրայ անակնկալ կերպով, առանց նախօրօք ազդարարութեան, պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ երէկ իր տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ վերջին քսանչորս ժամերուն զոհերուն թիւը հասած է քսանի, իսկ ցարդ արձանագրուած են մօտ իննսուն հազար ներքին տեղահանուածներ:
Լիբանանցիներու դէմ իսրայէլեան այս յարձակումները առանցքը կազմեցին պատկան կողմերու միջեւ կատարուող խորհրդակցութեանց, ուր հիմնականին մէջ առաջնահերթութիւն տրուեցաւ տեղահանուածներու կենցաղային տարրական կարիքներու հոգածութեան:
Սալամ. «Դուք Մինակ Չէք»
Այս մասին վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ տեղահանուած քաղաքացիներուն ուղղեց խօսք մը, ուր ան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց անոնց հոգածութեան ճիգերուն եւ պատկան նախարարներուն թելադրեց ընդառաջել անոնց հիմնական կարիքներուն եւ հոգալու անոնց ապահով ու հանգիստ կեցութիւնը: Վարչապետ Սալամ խստօրէն դատապարտեց այլամերժութեան կամ խտրականութեան ցուցանիշ եղող որեւէ կեցուածք տեղահանուածներուն հանդէպ` յիշեցնելով, որ անոնք պատասխանատու չեն իրենց վիճակուած այս կացութեան, այլ կենդանի զոհեր են, եւ պահանջեց ամենայն հոգածութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ:
«Դուք մինակ չէք, մեր պարտականութիւնն է ամենայն բարեացակամութեամբ ու մարդկայնօրէն հիւրընկալել ձեզ», ընդգծեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամ` խոստանալով ճիգ չխնայել պատերազմի դադրեցման եւ զիրենք այս քաոսային կացութենէն փրկելու գծով: