Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ չափազանց մտահոգ է Լիբանանի մէջ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներէն, որոնք մարդասիրական ծանր հետեւանքներ կ՛ունենան եւ երկարատեւ հակամարտութեան վտանգ կը ստեղծեն:
«Իսրայէլ պէտք է Լիբանանի մէջ իր գործողութիւնները դադրեցնէ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կացութիւնը իրապէս աղէտալի է, մինչ կը շարունակուի հաւաքական տեղահանութիւնը աւելի քան մէկ միլիոն մարդու, ինչ որ Լիբանանի բնակչութեան ընդհանուր թիւին 25 առ հարիւրին համազօր է», նշեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդը:
Եւրոպական Միութիւնը դատապարտեց «Լիբանանը այս պատերազմին մէջ ներքաշելու Հըզպալլայի որոշումը, զէնքը յանձնել մերժելն ու Իսրայէլի դէմ անկանոն յարձակումներ շղթայազերծել շարունակելը»:
«Քաղաքայիններուն, քաղաքային ենթակառոյցներուն, առողջապահութեան ոլորտի եւ վայրերու վրայ, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վրայ յարձակումները անարդարանալի են ու անընդունելի եւ անոնք պէտք է անմիջապէս դադրին», շեշտեց խորհուրդը:
Եւրոպական խորհուրդը ողջունեց «լիբանանեան իշխանութիւններուն Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու կոչը»` նշելով. «Անհրաժեշտ է, որ Լիբանանն ու Իսրայէլը ուղղակի երկխօսութեան ձեռնարկեն»:
Խորհուրդը վերահաստատեց «բոլորին կողմէ» ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան իր կոչը:
«Կը զօրակցինք Հըզպալլան զինաթափելու եւ անոր զինուորական գործունէութեան վերջ տալու լիբանանեան կառավարութեան ջանքերուն», յայտարարեց Եւրոպական խորհուրդը: