Շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ շեշտակիօրէն շարունակուած պատերազմական գործողութիւնները եկան հաստատելու երկրին մէջ զարկերու շարունակման եւ բանակցութեանց մեկնարկին գծով տիրող շփոթ մթնոլորտը:
Արդարեւ, զինադուլի շուրջ յանձին նախագահ Ժոզեֆ Աունի` Լիբանանի առաջադրած բանակցութեանց մեկնարկի ծրագիրին գծով հակասական կեցուածքներ դրսեւորուեցան պատկան, յատկապէս իսրայէլեան կողմերէն մերթ յայտնելով, թէ Իսրայէլ ներկայիս համաձայն չէ բանակցութեանց սեղանին նստելու, միւս կողմէ` իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն լիբանանեան թղթածրարը ստանձնած նախկին նախարար Ռոն Տերմեր շաբաթավերջին Սէուտական Արաբիա այցելած է:
Աւելի՛ն, նախարար Էլի Քոհենի վերագրելով իր տեղեկութիւնները, իսրայէլեան «Հաարեց» թերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ կը մտադրէ չեղեալ յայտարարել 2022-ին Լիբանանի հետ կնքուած ծովային սահմանագծումի համաձայնագիրը:
Թերթը միաժամանակ կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ բանակցութիւնները մօտերս կրնան սկսիլ առանց մտահան ընելու ցամաքային ներխուժման հաւանականութիւնը, որուն գծով Իսրայէլ նախօրօք ազդարարած էր: Նոյն ծիրին մէջ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բանակէն պահանջած է լիբանանեան նոր թիրախներ ճշդել` վաւերացնելու համար անոնց թիրախաւորման որոշումը: Իսկ Տերմեր սէուտցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման վաղորդայնին պարզուելիք կացութիւնը, յատկապէս` Լիբանանի, Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութեանբ բանակցութեանց հնգեակի քննարկելիք հարցերու ստանալիք եզրայանգումին շուրջ:
Ֆրանսա իր կարգին կը ջանայ իր նախաձեռնած խաղաղարար միջնորդութեան ճիգերը «պսակել» դրական ելքերով, միաժամանակ կոչ ուղղելով Իսրայէլին եւ Հըզպալլային դադրեցնելու իրենց յարձակումները: Իսկ «Իսրայէլ Հայոմ» իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետին վերագրելով իր տեղեկութիւնները կը յայտնէ, թէ զինուորական գործողութեանց դադրեցման համար Ս. Զատկուան առաջին օրը` 1 ապրիլը հաւանական ժամկէտ կը նկատուի: Եւրոպացի դիւանագէտի մը համաձայն, Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները կրնան կանգ առնել յառաջիկայ 72 ժամերուն ընթացքին` դիտել տալով, թէ արդէն իսկ այս գծով Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները ուժգին թափ ստացած են:
Նմանապէս, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի լծուած է զինադուլի գծով դրական կեցուածքներ ապահովել: «Մեր շրջանը կը գտնուի պատմական քառուղիի դիմաց եւ մենք ճիգ չենք խնայեր մարելու համար Ծոցին մէջ բռնկած պատերազմին բոցը», ընդգծեց Սիսի:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր երկրի մտավախութիւնը յայտնեց, որ Իսրայէլ ցեղային մաքրագործման լծուի Հըզպալլայի դէմ իր ձեռնարկած դիմակալման (մուքաֆահաթ) պիտակին տակ: Թուրք դիւանագէտը այս առիթով սաստիկ կերպով ազդարարեց Իսրայէլը նման արկածախնդրական քայլի դիմելէ: Միաժամանակ նոյն ծիրին մէջ ուշագրաւ են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ձեռնարկած խաղաղարար ճիգերը: Կը մնայ, որ պատերազմական գործողութեանց դադրեցման գծով առաջադրուած ապրիլ 1-ի ժամկէտը ապրիլ մէկի կատակ չդառնայ:
Նաեւ Ապահովական Խախտումներ
Բանակցութեանց մեկնարկի հաւանականութեան առընթեր, շաբաթավերջին սաստիկ կերպով շարունակուեցան զինեալ փոխադարձ գործողութիւնները Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ: Արդարեւ, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններն ու Պեքայի կարգ մը աւանները դարձեալ իսրայէլեան հրթիռարձակման թիրախ դարձան պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ, հսկայական աւերի կողքին:
Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր շաբաթ կանուխ առաւօտուն Պուրճ Համուտի ծայրամասին Նապաայի կից թիրախաւորուած շէնքին դէմ երկրորդ անգամ ուղղուած յարձակումը, որ պատճառեց մէկ զոհ եւ վիրաւոր մը: Իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ առ ի նախապատրաստութիւն իր ազդարարած ներխուժման Իսրայէլ սկսած է Լիբանանի հարաւը երկրի մնացեալ տարածքին միացնող կամուրջներէն բաժնել` քանդելով այդ ուղղութեամբ գտնուող ճամբաներն ու կամուրջները, որոնց նորագոյն պատկերը պարզուեցաւ Խարտալի կամուրջի քանդումով:
Իսկ կենսոլորտի փոփոխութիւնն ու անձրեւի տեղատարափը առաւել եւս դժուարացուցին տեղահանուածներու առանց այդ ալ ոչ նախանձելի վիճակը: