Սալամէ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութեան Սկզբունքը Մերժուած Չէ, Սակայն Լիբանանի Մէջ Քննարկումը Պայմաններուն Շուրջ Է»

Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Իսրայէլ Հարաւային Լիբանանի մէջ նոր շրջաններու կանոնաւոր կլանման գործողութիւն կը կատարէ»` նշելով, որ ատոր նպատակը արգելակիչ գօտիի ստեղծումն է:

«Իսրայէլ տեղահանման եւ հողի հաւասարեցման գործողութիւն կը կատարէ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն տունդարձը արգիլելու համար», աւելցուց նախարարը:

«Աշխատանք կը տանինք Իսրայէլի վրայ դիւանագիտական միջոցներով ճնշում բանեցնելու համար», ըսաւ ան:

«Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները ներկայիս խանգարուած են բազմաթիւ պատճառներով», յայտնեց Սալամէ` նշելով. «Իսրայէլ կը մերժէ զինադադարը, եւ գոյութիւն ունի բանակցային պատուիրակութեան կազմութեան վերաբերեալ ներքին խոչընդոտ»:

«Արտաքին կողմեր, մասնաւորաբար Ֆրանսան, ընդունեցին Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու դիմելու մեր առաջարկը», ըսաւ մշակոյթի նախարարը:

«Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեան սկզբունքը մերժուած չէ, սակայն Լիբանանի մէջ քննարկումը պայմաններուն շուրջ է», յայտարարեց Սալամէ` աւելցնելով. «Բանակցութեան թղթածրարին շուրջ Հըզպալլայի հետ ուղղակի հաղորդակցութիւն չկայ»:

«Հըզպալլա Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի ահաբեկումէն ետք որոշեց Իսրայէլի հետ ճակատումի մէջ մտնել առանց կառավարութեան հետ խորհրդակցելու», ըսաւ ան:

«Կառավարութիւնը կը պնդէ, որ զինադադարը առաջին քայլն է, եւ պէտք է բոլորը զայն յարգեն, եթէ Իսրայէլ զայն ընդունի», նշեց Սալամէ:

 

Leave a Comment