Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կառչած կը մնամ իսրայէլեան պատերազմին վերջ տալու համար ձեռնարկած նախաձեռնութեանս, եւ նախանձախնդիր եմ անոր շուրջ ներքին համաձայնութեան` ամէն բանէ առաջ պատերազմին վերջ տալու համար»: