Պըրրի. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Ճիշդ Ուղղութեամբ Քայլ Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «զգուշաւոր» գոհունակութիւն յայտնեց լիբանանեան ճակատի վրայ զինադադարի հաստատման որոշումին նկատմամբ` միեւնոյն ժամանակ յայտնելով, որ կը մերժէ Իսրայէլի հետ «ուղղակի բանակցութիւնը»:

Ան յայտնեց, որ իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ հինգշաբթի առտու հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իրեն յայտնած է, որ զինադադարը հաստատուած է ըստ Իրանը ներառող համապարփակ մշակումի:

Զինադադարի յայտարարուելէն ետք «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր զրոյցի ընթացքին Պըրրի նշեց, որ այս համաձայնութիւնը սկզբունքով 10 օրուան համար է` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն իրենց գիւղեր ու տուներ վերադառնալու կոչ պիտի չուղղէ նախքան վստահ ըլլալը, թէ պայմանները հասունցած են, մանաւանդ որ զինադադարի յայտարարութիւնը ներկայ փուլին լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան հեռացում մը չի պարունակեր:

Պըրրի «իսրայէլեան մտադրութիւններու» լոյսին տակ զինադադարին նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցում ցուցաբերեց եւ ըսաւ, որ ներկայիս կարեւորը այն է, որ թղթածրարին մէջ տեղաշարժ մը արձանագրուեցաւ, եւ զինադադարը ճիշդ ուղղութեամբ քայլ է:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ զինադադարէն ետք ինք բացարձակապէս մտավախութիւն չունի երկրի ներքին կացութեան նկատմամբ, որ հետզհետէ աւելի կ՛ամրապնդուի:

Պըրրի երէկ «Բոլորս Պէյրութ ենք» համախմբումէն նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյրի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը ընդունելու ընթացքին վերահաստատեց, որ ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական խաղաղութիւնը կարմիր գիծեր են, զորս որեւէ պարագայի բացարձակապէս պիտի չարտօնուի շրջանցել, եւ որեւէ կողմէ այդ յենասիւներուն որեւէ խաթարում Լիբանանի գոյութեան խաթարում է եւ ձրի նուէր իսրայէլացի թշնամիին ու անոր ծրագիրներուն, որոնք կրնան միայն յաջողիլ սադրանքի ճամբով:

Խորհրդարանի նախագահը նաեւ իր դժգոհութիւնը, դատապարտումն ու մերժումը յայտնեց օդը կրակելու երեւոյթին նկատմամբ, որ կեանքերը կը վտանգէ, մարդոց սեփականութիւններուն կը սպառնայ եւ նահատակներու արժանապատուութեան ոտնակոխում է, ինչպէս նաեւ ոչ միայն օրէնքի խախտում է, այլ նաեւ բոլոր աստուածային օրէնքներու խախտում:

Leave a Comment