Իրանի իսլամական հանապետութեան խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ երէկ հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Երկու երկիրներու խորհրդարաններու նախագահները քննարկեցին կացութեան զարգացումները շրջանին եւ Լիբանանի մէջ, մասնաւորաբար հարաւի մէջ, ուր իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին, ինչպէս տեղի ունեցած էր Կազայի մէջ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծուեցաւ այլ բանէ առաջ զինադադարին մէջ Լիբանանը ներառելուն անհրաժեշտութիւնը: