Ֆատլալլա. «Որեւէ Անձնատուութիւն Կամ Ենթակայութիւն Պիտի Չընդունինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա նշեց. «Իրան մեզի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի հետ հաղորդակցութիւնները դիւրացուցին զինադադարը»:

«Տեղահանուածները իսրայէլեան զգուշացումները անտեսեցին եւ սկսան հարաւ վերադառնալ», յայտնեց ան:

«Կը վերահաստատենք մեր սկզբունքները եւ կ՛ուզենք, որ թշնամական արարքները դադրին, թշնամին հեռանայ եւ տեղահանուածները վերադառնան», յայտնեց Ֆատլալլա:

«Զինադադարը առաջին քայլ մըն է. նպատակը թշնամիին հեռանալն ու բնակչութեան իրենց գիւղեր վերադառնալն է, ինչպէս նաեւ զինադադարը պէտք չէ Լիբանանի մէջ իշխանութեան եւ պաշտօնատարներուն շանթաժ մը ըլլայ», ըսաւ երեսփոխանը:

Ֆատլալլա աւելցուց. «Լիբանանցի պաշտօնատարները պէտք է ժողովուրդի ձայնը լսեն: Անձնատուութիւն կամ ենթակայութիւն պիտի չընդունինք»:

 

Leave a Comment