Իսրայէլ Ամբողջովին Քանդեց Հարաւային Լիբանանը Երկրի Մնացեալ Մասերուն Կապող Վերջին Կամուրջը

Իսրայէլեան օդուժը երէկ բուռն յարձակումներ գործեց Նապաթիէի վրայ, ուր մեծ աւեր յառաջացաւ: Մասնաւորաբար բուռն էր Քֆարրումմանի վրայ յարձակումը: Յարձակում գործուեցաւ նաեւ Առնունի եւ Քֆարհաթթայի վրայ:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ Տահր Պայտարի շրջանին մէջ փոքր փոխադրակառք մը հարուածեց, այդ պատճառով ալ արձանագրուեցաւ զոհ մը, եւ դէպի Պեքա տանող ճամբան որոշ ժամանակով փակուեցաւ:

Իսրայէլեան ուժերը Հըզպալլայի հետ բուռն բախումներէ ետք նահանջեցին հարաւային Լիբանանի  Տըպպին գիւղէն:

Լիբանանեան զինուորական աղբիւր մը «Հատաս»-ին յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը Տըպպինէն հեռացած են արշալոյսի կանուխ ժամերուն:

Աղբիւրը նշած է, որ իսրայէլեան ուժերը վերադարձած են Խիամի մէջ գտնուող իրենց ելման կէտեր:

Իսրայէլեան բանակը Մարուահինի մէջ պայթեցուց գիւղի երկրորդական վարժարանը:

Իսրայէլեան օդուժը իրերայաջորդ յարձակումներով ամբողջութեամբ քանդեց Քասիմիէի կամուրջը: Լիբանանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իսրայէլ ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը երկրի մնացեալ մասին կապող վերջին կամուրջը»:

Հըզպալլա յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի Ռուպ Սալասին գիւղին արեւելքը հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներն ու իսրայէլեան մեքենաները հրթիռակոծած է, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ շարք մը բնակեցման վայրեր:

Հըզպալլա նաեւ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Ռաս Նաքուրայի մէջ դիրքի մը վրայ:

Լիբանանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Կը թուի, թէ Իսրայէլ դիւանագիտական որեւէ յառաջընթացէ առաջ կը ջանայ Պընթ Ժպէյլի մէջ մարտական յաղթանակ մը արձանագրել»:

Leave a Comment