Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ յայտնեց. «Լիբանանի իշխանութիւնները մեր սիրելի հայրենիք Լիբանանը հասցուցին նոր ու իբրեւ գերիշխան, ազատ ու անկախ պետութիւն գոյութեան, հողային ամբողջականութեան, ներքին համախմբուածութեան ու ազգային միասնականութեան համար չափազանց վտանգաւոր փուլի, երբ հնազանդեցան ամերիկեան ցուցմունքներուն եւ դիմեցին սիոնական թշնամիի հետ ուղղակի բանակցութիւններու ընտրանքին, հակառակ ազգային կամքին եւ անտեսելով Ազգային ուխտն ու երկրի ուժի բոլոր հիմերը, որոնք նախ եւ առաջ անոր հերոս Դիմադրութիւնը եւ անսասան ու զոհաբերող ժողովուրդն են»: