Ակնարկ. Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները

Հալէպի մէջ արձանագրուող ռազմական բախումները զարգացման առումով անկանխատեսելիութեամբ հանդերձ, որոշ ուղղութեամբ մտածել կու տան կարգ մը հանգամանքներու մասին: Նախ պէտք է արձանագրել այն, որ գործող իշխանութիւնները չեն յաջողած տակաւին կեդրոնաձիգ, բրգաձեւ, միայն իրենց ենթակայ զինեալ ուժերու միաւորներ եւ համապատասխան ստորաբաժանումներ կայացնել: Ասիկա պարզ ընկալուող առաջադրանք է քաոսային վիճակէ դէպի կազմակերպուած պետութիւն անցում կատարող որեւէ ուժի … Read more

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

Երէկ առտու կանուխ, Հալէպի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքով Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ հայաբնակ շրջաններուն մէջ հրասանդներէ արձակուած ռումբերու հետեւանքով վնասներ արձանագրուեցան: Վնասները նիւթական էին: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց. «Սուրիոյ կառավարութեան յարձակումը 10 ապրիլի համաձայնութեան խախտում է, եւ թշնամական գործելաոճի շարունակումը վտանգաւոր հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ»: Սուրիոյ կառավարական ուժերը Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակիչներուն … Read more

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սուրիա եւ Իսրայէլ Փարիզի մէջ երկօրեայ բանակցութիւններէ ետք համաձայնեցան ստեղծելու ամերիկեան հսկողութեամբ «միաձուլման» բջիջ մը` համակարգելու համար հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը, զինուորական լարուածութեան մեղմացումը, դիւանագիտական կապի հաստատման եւ առեւտրական գործակցութեան առիթներու ամրապնդումը: Ժողովը գումարուեցաւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի միջնորդութեամբ: Ժողովէն ետք Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ-Սուրիա միացեալ հաղորդագրութիւն մը նշեց. «Այս գործիքակազմը պիտի ծառայէ որեւէ վէճ շուտով … Read more

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

6 յունուարին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Տօնին առիթով Միածնաէջ մայր տաճարին մէջ Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ: Հայրապետական սուրբ պատարագին ներկայ էին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր աթոռի բարերարներ, քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ … Read more

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը: Սուրբ պատարագին, … Read more

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

Վենեզուելայի նախագահին առեւանգումը Միացեալ Նահանգներու ուժերուն կողմէ, ռազմարշաւի նոր ոճի գործադրութեան մեկնարկին մասին կը յուշէ: Ամերիկեան ընկալումով վիրահատական գործողութիւն, սպառնալիք երկիր մը վնասազերծելու համար այն բոլոր հետեւանքներէն, որոնք պիտի կրեն Միացեալ Նահանգները: Դարձեալ շրջանառութեան մէջ դրուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, թմրամիջոցներու արտահանումը կասեցնելու, փտած համակարգը վերացնելու կամ բռնատիրութեան վերջ տալու գեղեցիկ կարգախօսները: Բնականաբար այդ բոլոր … Read more

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

Եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ, խօսելով մարդուն հին ինքնութիւնը իր կենցաղակերպով ու մտածելակերպով մոռնալու եւ Քրիստոսով վերանորոգուելու հրամայականին մասին, կոչ կ՛ուղղէ ըսելով` «Եղէ՛ք նոր մարդ» (4.24): Այս կոչին մէջ է խտացած Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան իմաստն ու խորհուրդը եւ իր երկրաւոր առաքելութեան նպատակը: Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի իր աստուածային պատկերը եղծած մարդուն մէջ վերականգնէ … Read more

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

«Համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»: Բ. Կորնթացիս 13:11 Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօնին առիթով, սրտագինս կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները` մաղթելով, որ Նոր տարուան մը պայմաններուն մէջ, հաւատքով նորոգուած, միահամուռ ճիգով ձգտինք նոր առաքինութիւններու տանիլ մեր կեանքը: Ս. Ծնունդը տօնն … Read more

Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սուրբ Ծնունդը միայն յիշատակելի տօն չէ, այլ` խորիմաստ յայտարարութիւններու կողքին, մարդկային արժանապատուութեան` իբրեւ Քրիստոսով թանկագոյն պարգեւի մասին է` Աստուծոյ սրտէն ու էութենէն շնորհուած: Ծննդեան պատգամը կը հասնի մեզի այսօր, մինչ կորսուած կը թուին ըլլալ մարդու արժանիքն ու պատիւը: Յովհաննէս աւետարանիչ կը գրէ Տէր Յիսուսի ծնունդին` իբրեւ նշանակալի խորհուրդի մասին. «Բանը մարմին եղաւ» (Յովհ. 1.14): Ծնունդով … Read more

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆԳործադիր Տնօրէն Հայ ԱւետարանականՀամաշխարհային Խորհուրդի Ս. Ծննդեան մասին բազմաթիւ պատմութիւններ գրուած են, բայց անոնցմէ ոչ մէկը այնքան գեղեցիկ եւ նշանակալից է, որքան այն պատմութիւնը, զոր կը կարդանք Աւետարան ըստ Մատթէոսի եւ Ղուկասի առաջին գլուխներուն մէջ: Այնտեղ  կայ պարագայ մը, որ գուցէ երբեմն մեր ուշադրութենէն կը վրիպի, բայց եւ այնպէս, սրտառուչ եւ … Read more