Հալէպի մէջ արձանագրուող ռազմական բախումները զարգացման առումով անկանխատեսելիութեամբ հանդերձ, որոշ ուղղութեամբ մտածել կու տան կարգ մը հանգամանքներու մասին:
Նախ պէտք է արձանագրել այն, որ գործող իշխանութիւնները չեն յաջողած տակաւին կեդրոնաձիգ, բրգաձեւ, միայն իրենց ենթակայ զինեալ ուժերու միաւորներ եւ համապատասխան ստորաբաժանումներ կայացնել: Ասիկա պարզ ընկալուող առաջադրանք է քաոսային վիճակէ դէպի կազմակերպուած պետութիւն անցում կատարող որեւէ ուժի համար:
Այս ճանապարհին, ցեղախմբային կամ ազգաբնակչական հիմունքով գոյութիւն ունեցող զինեալ տարրերուն առաջինը քրտական խմբաւորումներն են: Անոնց զինաթափումը հիմա յայտարարուած առաջադրանք է Դամասկոսի իշխանութիւններուն կողմէ:
Սակայն այս առաջադրանքը միայն ներսուրիական զինեալ ուժերու դէպի բանակ փոխակերպումով չի բացատրուիր: Այս մէկը յստակ ռազմաքաղաքական առաջադրանքն է Անգարային, որ վաղուց կ՛ուզէր իրականացնել զայն` քրտական գործօնի զինաթափումով եւ մանաւանդ անվտանգային գօտիի ստեղծումով:
Այս համապատկերին մէջ պէտք է տեսնել պատանդառուած Օճալանի կոչերը իր հայրենակիցներուն` զինաթափուելու եւ նոր էջ բանալու Թուրքիոյ հետ: Կը թուի, որ Օճալանի կոչերուն ընդառաջումները լիարժէք չէին: Փաստօրէն, քիւրտերը զինեալ ընդհարումներ կը շարունակեն ունենալ` մերժելով զէնքի յանձնումը: Այստեղ պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը: Եթէ Անգարան Օճալանէն կը պահանջէ կոչ ուղղել զինաթափումի, այլ ուժեր քիւրտերուն կը թելադրեն զէնքերը չյանձնել:
Կը վերադառնանք այլ ուժերուն: Հիմա նկատենք, որ Անգարայի թիրախային առաջին ճակատը հիւսիսային Սուրիան էր, ուր նաեւ անվտանգային գօտի ձեւաւորելու առաջադրանք կար: Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իրողապէս ինքնավար Քիւրտիստանը կը շարունակէ գործել:
Թիրախային առաջին ճակատը շրջանցուած է, եւ այժմ մարտեր կ՛ընթանան երկրորդ ճակատին վրայ, Հալէպի մերձակայքը եւ քաղաքամէջը: Թիրախային այս ընտրութեան բացատրութիւնները կրնան ռազմագիտական ըլլալ անշուշտ: Սակայն քաղաքական մտածողութւնը կը յուշէ քրտական խաղաթուղթը առկայ պահելու հրամայականին մասին:
Իսկ այստեղ ահա պէտք է մտածել այն ուժերուն մասին, որոնք կ՛ուզեն քրտական գործօնը օգտագործել Անգարայի դէմ: Տիւրզիներու մասով տեսանելի էր Իսրայէլի շահագործումը, այս անգամ իր առաջադրած անվտանգութեան գօտին ստեղծելու համար: Խորքին մէջ Դամասկոսի ճամբով Անգարային յարող զինեալներ մարտի մէջ էին Իսրայէլի կողմէ աջակցութիւն ստացող տիւրզիներու հետ: Միջնորդաւորուած բախում Անգարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ, սուրիական տարածքներու վրայ:
Միջազգային մամուլին մէջ բազմաթիւ են հրապարակումները, որոնք վերջին տասնամեակներուն կը խօսին քիւրտերուն Իսրայէլի կողմէ զինուելուն մասին: Չեն երեւիր նաեւ նախադրեալներ համոզուելու համար, որ քրտական գործօնը իբրեւ շահարկելի երեւոյթ դուրս եկած է Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութենէն:
Պէտք չէ շրջանցել նաեւ նման գործողութիւններու ենթարկուած-ենթարկուող ազգաբնակչութիւններու յաջորդականութիւնը: Ջարդերու տեսքով գործողութիւններ նախ ծովեզերեայ շրջաններու մէջ ալեւի համայնքին նկատմամբ, բռնութիւն-դիմադրութիւն, ապա տիւրզի տարրերուն դէմ, եւ հիմա, որոշ նախաբանային գործողութիւններէ ետք, քիւրտերու դէմ:
Կան սակայն տարբեր երանգներ: Առաջինի պարագային անոնք կրնային ստանալ ռուսերու օժանդակութիւնը: Ռուսական գործօնը, վարչակարգի տապալումէն ետք, նախկին ուժականութիւնը չէր ներկայացներ:
Երկրորդը, թէկուզ սահմանափակ կտրուածքով, ստացաւ Իսրայէլի օժանդակութիւնը եւ նպաստեց Իսրայէլի անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորման առաջադրանքի իրականացման:
Երրորդը իր տարողութեամբ եւ զինեալ համակարգով այլ իրավիճակ ստեղծած է: Երրորդի պարագային բնութագրումը ջարդերէ կամ զանգուածային սպանութիւններէ աւելի զինեալ ընհարումներ են, ուղղակի մարտեր:
Հիմա` հայկական ոսպնեակը: Հայ համայնք գոյութիւն ունի թէ՛ Հալէպի մէջ, թէ՛ հիւսիսային Սուրիոյ իրողապէս ինքնավար Քիւրտիստանի մէջ:
Հալէպի իրադարձութիւններուն մասին հայկական լրատուութեան հետեւողները պէտք է նկատած ըլլան մեր պաշտօնակից «Գանձասար»-ի տեղեկատուական քաղաքականութեան երանգներն ու նրբութիւնները: Խնդիրը տեղեկատուական անվտանգութեան եւ ճգնաժամային լրատուութեան կը վերաբերի: Իսկ այս առումներով համայնքի պատասխանատուներու, թէ պաշտօնական մամուլի ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները, թողարկած լրատուութիւնները կամ հայկական լրատուադաշտին փոխանցած մեկնաբանութիւնները կը յատկանշուին կշռադատուածութեամբ, հակախուճապայնութեամբ, հաւաստիութեան պահպանման սկզբունքի հիման վրայ լուրերու հաղորդումով:
Այնտեղ, զգայացունց լուր տալու մղումով, դիտում եւ կայքային այցելուներու թիւ բազմապատկելը վտանգաւոր հետեւանք կրնայ ունենալ առաջին հերթին մարտերու դաշտին մէջ ապրող մեր համայնքին համար:
Այս փուլը աշխարհաքաղաքական մեծ փապուղիէ մը Սուրիոյ անցումին մէկ օղակն է, տակաւին անյստակ ելքով: Մինչ այդ, հայկական քաղաքական վերլուծական միտքն ու լրատուադաշտը իրենց հրապարակումները պէտք է կատարեն բացառապէս հիմնուելով տեղւոյն համայնքի պաշտօնական հրապարակումներուն վրայ: Նաեւ պէտք է հիմնուիլ պետական հաղորդագրութիւններուն վրայ` նկատի ունենալով ճգնաժամային նախկին փուլերը:
«Ա.»