Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սուրիա եւ Իսրայէլ Փարիզի մէջ երկօրեայ բանակցութիւններէ ետք համաձայնեցան ստեղծելու ամերիկեան հսկողութեամբ «միաձուլման» բջիջ մը` համակարգելու համար հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը, զինուորական լարուածութեան մեղմացումը, դիւանագիտական կապի հաստատման եւ առեւտրական գործակցութեան առիթներու ամրապնդումը:

Ժողովը գումարուեցաւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի միջնորդութեամբ:

Ժողովէն ետք Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ-Սուրիա միացեալ հաղորդագրութիւն մը նշեց. «Այս գործիքակազմը պիտի ծառայէ որեւէ վէճ շուտով կարգաւորելու եւ սխալ հասկացողութիւններու կանխարգիլման համար աշխատելու»:

Պարրաք իսրայէլեան «Այ.24» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլացի եւ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ բանակցութիւններուն արդիւնքը մեծ բեկում մըն է»:

Leave a Comment