Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջանակներուն մէջ երէկ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայ ազգային քոնկրեսի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Կարծիքներ փոխանակուած են Հայաստանի առջեւ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու ուղիներուն մասին: Զրոյցի ընթացքին, մասնաւորապէս, քննարկուած են Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւններու հակասահմանադրական … Read more

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ լայն քննարկում ունեցաւ Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութեանց շուրջ: Խորհրդարանի նախագահը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն նկատմամբ` դիտել տալով, որ միայն լիբանանցիներու միաւորումն է, որ կրնայ պահել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու թշնամիին դէմ ծառանալու կամքն ու ոգին: Անդրադարձ … Read more

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Մեզի տեղեկացուցին, թէ Իրանի մէջ մահապատիժները դադրած են, եւ իշխանութիւնները ոչ ոք մահապատիժի պիտի ենթարկեն: Պիտի ստուգենք եւ կը յուսանք, որ Իրանի մէջ մահապատիժներու դադրեցման մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները ճիշդ են»: «Եթէ Իրանի մէջ կալանաւորուածներու սպանութիւնը դադրած չըլլայ, չափազանց պիտի վրդովինք», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Ռոյթըրզ» իր … Read more

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը կախաղանի ճամբով մահապատիժներ պիտի ըլլան»: Թեհրան նախապէս յայտարարած էր, որ ցուցարարներուն դատավարութիւնները պիտի արագացնէ: Արաղչի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով 10 օրուան խաղաղ ցոյցերուն յաջորդած են Իսրայէլի կազմակերպութեամբ բռնարարքներու երեք օրեր: Իրանեան դիւանագիտութեան … Read more

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ Զինուորական Ներկայութիւնը

Դանիոյ զինեալ ուժերը յայտարարած են, որ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ պիտի մեծցնեն Կրինլանտի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը: Դանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է կղզիի տարածքին մէջ ռազմափորձեր կատարելու մասին: Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոք Ռասմուսեն Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վենսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ … Read more

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

Պէյրութի վարչապետարանին մէջ կայացած Հնգեակի (Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի) դեսպաններու հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւններէն կարելի է որոշ կէտեր արձանագրել: Քննարկուած են եւ արձանագրուած` Ա.- Կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի հաւասարակշռման ծրագիրը: Բ.- Լիթանի գետէն հարաւ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին փուլի աւարտի հարցը եւ կառավարութեան անոր … Read more

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնած է Պաքուի մէջ պահուող չորս գերիներու` Հայաստան վերադարձի մասին: Անոր համաձայն, Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Իւլճեքեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Հակարի կամուրջին վրայ Ազրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուած են Հայաստանին եւ հիմա կը գտնուին հանրապետութեան տարածքին մէջ: Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը եւ Վիգէն Իւլճեքեանը, վարչապետին հաղորդումով, նախնական քննութեամբ … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Վերջապէս, 1890 օր ետք, ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող լիբանանահայ գերի Վիգէն Իւլճեքեան ազատ արձակուեցաւ: Թափուած ջանքերը իրենց պտուղները տուին` հեռու տեղեկատուական աղմուկէն»:

Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը` Դէպի Ազատութիւն»

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը: «Գերի Վիգէն Իւլճեքեանը` դէպի ազատութիւն… Վերջապէս ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող լիբանանահայ գերի Վիգէն Իւլճեքեան ազատ արձակուեցաւ: Թափուած ջանքերը տուին իրենց պտուղները` հեռու տեղեկատուական աղմուկէն»:

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

Երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ մասնակցութեամբ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին, ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի, քաթարցի պատուիրակ Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ Ալ Թանիի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի,  Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ … Read more