Երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ մասնակցութեամբ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին, ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի, քաթարցի պատուիրակ Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ Ալ Թանիի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի, Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի եւ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի:
Պաապտայի պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ժողովին մասնակիցները քննարկած են լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն աջակցութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:
Որոշուած է խորհրդաժողովը 5 մարտին գումարել Փարիզի մէջ, եւ խորհրդաժողովին բացումը պիտի կատարէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը:
Ժողովի մասնակիցները համաձայնութիւն գոյացուցած են անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնները կատարել` խորհրդաժողովին կարելի եղածին չափ մեծաթիւ մասնակցութիւն ապահովելու համար: