Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Մխիթար Սեբաստացիի Մահուան 277-Ամեակը Սուրբ Ղազարի Մէջ
Կիրակի, 26 ապրիլին Մխիթարեան միաբանութիւնը նշեց հիմնադիրին` Մխիթար Աբբահօր մահուան 277-ամեակը, ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազարի պատմական գրադարանի դահլիճէն ներս, յաւարտ ս. պատարագի: Ոգեկոչումը կը կատարուի Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի յոբելենական տարուան ծիրին մէջ: Իր բացման խօսքին մէջ Լեւոն արք. Զէքիեան մէջբերեց Հայաստանի յայտնի լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի (1920-2005) գնահատականը միաբանութեան հիմնադիրին մասին. «Ինչքան հեռանում … Read more