Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Համազգայինի Քեսապի «Կիլիկիա» Երգչախումբը Ընտիր Երգերու Փունջ Մը Հրամցուց Քեսապահայութեան

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ  Մակար  արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 3 յունիսին «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբին ելոյթը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիլի Գազազեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն գեղեցիկ պահը պարզապէս երաժշտական հանդիպում մը չէ, այլեւ` հոգիներու հաղորդակցութիւն, սրտերու միութիւն եւ մշակոյթի տօնակատարութիւն:

Երգչախումբը ներկայացուց հայկական ժողովրդական, աշուղական, ազգային եւ արաբական երգերու փունջ մը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի:

Վարչութեան ատենապետ Մանասէ Մանճիկեան, ելոյթ ունենալով, անդրադարձաւ մայիս 28-ի անկախութեան խորհուրդին` հաստատելով, որ Քեսապէն «Կիլիկիա» երգչախումբը իր հոգեթով երգով վկայեց, որ մենք տէր կը կանգնինք մեր մշակոյթին ու պատմութեան: Ան շեշտեց, որ Համազգայինը այն փարոսն է, որ կը լուսաւորէ մեր հոգիները` պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Ապա ան ներկայացուց մասնաճիւղի այս տարուան տարաբնոյթ աշխատանքները` երգչախումբ, թատերախումբ, շնորհահանդէս, գծագրութեան եւ մարմնամարզի դասընթացքներ, ընկերային հաւաքներ եւ Համազգայինի նոր կեդրոնի բացումը:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ երգչախումբը սոյն համերգով ինքզինք գերազանցեց եւ այնքան գեղեցիկ ու ներդաշնակ ելոյթ ունեցաւ, որ կարծէք մեր ամբողջ պատմութեան զանազան տարածքներու վրայ գործող հերոսներն ու գործիչները մեր առջեւ կը տողանցէին:

Դամասկոսի Մէջ Յիշատակուեցաւ Հայոց Ազգային Վերածնունդի, Արժանապատոիոիթեան Եւ Պետականութեան 108-րդ Տարեդարձը

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղին, 5 յունիսին Դամասկոսի «Զաւարեան» համալիրի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման յիշատակին նուիրուած տօնակատարութիւն:

Հանդիսութեան ներկայ էին` Բերիոյ թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Արմէն վրդ.Գալաճեան, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը, ՍԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, Ազգ. Միացեալ ճեմարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը, «Ահարոնեան» կեդրոնի միութիւններու շրջանային եւ վարչութիւններու ներկայացուցիչները եւ դամասկահայերու հոծ բազմութիւն:

Օրուան հանդիսավար Արին Քիւրտեան շնորհաւորեց մայիս 28-ի անկախութեան տօնը` յիշելով, որ այս օրը մեզի կը յիշեցնէ, որ անկախութիւնը նուէր չէ, այլ` պայքարով, զոհողութեամբ եւ միասնականութեամբ ձեռք բերուած արժէք: Ան նաեւ կոչ մըն է` հաւատարիմ մնալու մեր նախնիներու աւանդին, ամրապնդելու մեր ազգային միասնութիւնը եւ ծառայելու մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի բարգաւաճման:

«Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Սարգիս Քիւրտեան անդրադարձաւ մայիս 28-ի պատմական նշանակութեան` ընդգծելով անոր տեղը հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան եւ պետականութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ108 տարի անց մենք կը խոնարհինք բոլոր այն հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Հայաստանի անկախութեան, անվտանգութեան եւ արժանապատիւ ապագայի համար,  յիշեցնելով նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տեսլականը` պետականութիւն հիմնելու եւ անոր քաջարի գաղափարակիցներուն ու մարտիկներուն սխրանքները անկախութեան կերտման մէջ:

Ապա ազգային եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկան Հալէպէն եւ Քեսապէն ժամանած Յովիկ Դանիէլեան, Արազ Շառոյեան եւ Ժոզեֆ Արամեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թոփճեանի եւ Յակոբ Քիւրքճեանի, որոնք իրենց կատարումներով ներկաներուն մէջ վերակենդանացուցին մայիս 28-ի անկախութեան ոգին եւ ազգային հպարտութեան զգացումը:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը ուղղեց սրբազան հօր ներկայացուցիչ Արմէն վրդ. Գալաճեան, որ ներկաներուն փոխանցեց առաջնորդին օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ մայիս 28-ը սովորական թուական մը չէ, ան իր մէջ կը պարունակէ պայքարելու խորհուրդը, որ հայը կը փոխանցէ իր զաւակներուն եւ սերունդէ սերունդ:

Բացում` Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան Նոր Կեդրոնին

Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, 7 յունիսին տեղի ունեցաւ Եագուպիէի հայրենակցական միութեան կեդրոնի բացումը:

Բացման խօսքով Պարոյր Պիթար անդրադարձաւ միութեան ներկայացուցած ծառայութիւններուն: Օրուան հանդիսավար Անի Խեչօ ներկայացուց օրուան յայտագիրը, որ կը պարունակէր գեղարուեստական բաժին (նուագ, երգ եւ ասմունք), ապա ժապաւէնի ցուցադրութիւն` պատրաստուած Սարօ եւ Փաթիլ Երէցեաններուն կողմէ: Ժապաւէնը կը ներկայացնէր միութեան աշխատանքը` հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր: Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք, միութեան վարչութիւնը պարգեւատրեց նախկին ատենապետ Աբրահամ Ապտօ Երէցեանը` իր երկար տարիներու աշխատանքին ու ծառայութեան համար: Այնուհետեւ շնորահակալական խօսքով հանդէս եկաւ Աբրահամ Երէցեան:

Միութեան ատենապետ Րաֆֆի Երէցեան յուշանուէր մը յանձնեց սրբազան հօր, որ օրհնեց կեդրոնը եւ բեղուն գործունէութեան իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց միութեան անդամներուն:

Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Զաւէն Վրդ. Նաճարեանը

9 յունիսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրտսեր միաբաններէն, Խորէն Ա. կեդրոնի տնօրէն եւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի ղեկավար Զաւէն վրդ. Նաճարեանը:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ կաթողիկոսարանէն եւ յատկապէս Խորէն Ա. կեդրոնէն ներս իր տարած գործունէութեան:

Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, հայր սուրբին բարի ծառայութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց:

Պոլիս

Ասմունքի Թագուհի Սիլվա Կոմիկեանին Նուիրուած Մեծարանքի Երեկոյթ

Հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի, զօրակցութեամբ  մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, վերջերս Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ասմունքի թագուհի Սիլվա Կոմիկեանին ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթ:

Սիլվա Կոմիկեան տասնամեակներէ ի վեր եղած է պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին: Ան հայ գրականութեան դասական կամ արդի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները ասմունքած է ուրոյն ոճով, եւ իր մատուցելու ձեւը արդէն քանի մը սերունդի համար պայմանաւորած է ընկալման ձեւ մը: Սիլվա Կոմիկեան իսկապէս մեծ երախտաւոր մըն է հայ մշակոյթի ծառայութեան տեսակէտէ եւ ցարդ ամենաբարձր մակարդակի վրայ գնահատուած է իր անկրկնելի տաղանդին համար:

Յայտագրի սկիզբը ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին Սիլվա Կոմիկեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Պատրիարքը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Սիլվա Կոմիկեանը` յիշեցնելով, որ ան անցեալին մէջ մետալով մըն ալ պարգեւատրուած է պատրիարքական աթոռին կողմէ: Ապա յուշանուէր մը յանձնեց մեծարեալին: Իր կարգին, Սիլվա Կոմիկեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը:

Միացեալ Նահանգներ

«Արարատ Տուն»-ի Մեծահասակներուն Նուիրուած Մարդասիրական Ճաշկերոյթ

Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի,  հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան, 2 յունիսին հայ տարեցներու Միշըն Հիլզի «Արարատ տուն» կառոյցին մէջ տեղի ունեցաւ մարդասիրական նպատակներով կազմակերպուած ճաշկերոյթ:

Կառոյցի  Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Յովսէփ Կանիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, հովանաւոր միութեան ու բարերար անհատներուն, եւ գնահատեց հայ ծնողներու, մեծ ծնողներու եւ վաստակաւոր հայ տարեցներու նկատմամբ Ազգ. առաջնորդարանի, ՀՕՄ-ի, զանազան կառոյցներու եւ նուիրեալ ազգայիններու ու բարերարներու կողմէ յաճախակիօրէն ցուցաբերուած ուշադրութիւնն ու հոգածութիւնը:

Առաջնորդ սրբազան հայրը, իր կարգին, բարձր գնահատեց հայկական իրականութեան մէջ մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնող ՀՕՄ-ի աշխարհատարած գործունէութիւնը եւ «Արարատ տուն»-ի մասին իր բարձր համարումն ու գոհունակութիւնը յայտնեց` դիտել տալով, որ այս կառոյցը թէեւ մեր համայնքային կեանքին մէջ կը գրաւէ լուռ անկիւն մը, բայց անիկա սոսկ լուսանցքային հաստատութիւն մը չէ, այլ, ընդհակառակն, խօսուն ապացոյց մըն է այն մասին, որ մեր մեծերը իրենց կեանքի հանգստեան տարիները արժանապատիւ կերպով կ՛ապրին հայ-քրիստոնէական ու ազգայնաշունչ այս միջավայրի մէջ, ուր սէրը, յարգանքը, գուրգուրանքը եւ մասնագիտական բծախնդրութիւնը էական դեր կը կատարեն: Սրբազանը գնահատեց հովանաւոր կողմերն ու Հայ տարեցներու «Արարատ տուն»-ը` իր պատասխանատուներով ու ծառայողներով, ապա խաղաղ, հանգիստ, երկարակեցութիւն եւ առողջ տարիներ մաղթեց կառոյցի բոլոր բնակիչներուն, գործող ձեռքերուն եւ բարերարութիւն կատարող բոլոր միութեանց ու ազգայիններուն:

Նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի Յիշատակին Նուիրուած Ցուցահանդէսի Բացում Եւ Կրթաթոշակային Հիմնադրամի Մեկնարկ

Հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, 4 յունիսին Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ «Զօրեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը` նուիրուած Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի կեանքին, ծառայութեան եւ ժառանգութեան: Հանդիսութեան ընթացքին բացումը կատարուեցաւ նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ պաշտօնապէս մեկնարկեց «Governor George Deukmejian Scholarship Fund» կրթաթոշակային հիմնադրամը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին` պատմական լուսանկարներ, պաշտօնական փաստաթուղթեր, անձնական յուշանուէրներ եւ այլ արժէքաւոր նմուշներ, որոնք կը լուսաբանէին Քալիֆորնիոյ հայազգի 35-րդ նահանգապետին հանրային ծառայութեան բացառիկ ուղին, ինչպէս նաեւ անոր նուիրումը` ընտանիքին, Եկեղեցւոյ եւ համայնքին:

Ձեռնարկի հանդիսավար Կրեկ Քահվաճեան, որ երկար տարիներ ծառայած էր նահանգապետ Տէօքմէճեանի քաղաքական արշաւներուն, երդման արարողութիւններու կազմակերպման յանձնախումբերուն եւ անոր նահանգապետութեան ամբողջ շրջանին, իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Տէօքմէճեանի հանրային ծառայութեան փայլուն ուղիին եւ անոր կողմէ բազմաթիւ անձերու ընձեռուած ծառայութեան հնարաւորութիւններուն:

Իր խօսքին մէջ Յովնան արք. Տէրտէրեան անդրադարձաւ նահանգապետ Տէօքմէճեանի բացառիկ ժառանգութեան եւ այն մնայուն արժէքներուն, որոնք կերտեցին անոր կեանքն ու առաջնորդութիւնը:

Հիմնադրամի առաքելութիւնն ու նպատակները ներկայացուց յանձնախումբի անդամ եւ «Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ Մարիա Մեհրանեան, որ ընդգծեց կրթաթոշակներու ազդեցիկ դերը ապագայ երիտասարդ պատասխանատուներու կազմաւորման մէջ: Ան նշեց, որ հիմնադրամը  կոչուած է քաջալերելու այն ուսանողները, որոնք իրենց կեանքով կը մարմնաւորեն ազնուութիւն, առաջնորդութիւն եւ հանրային ծառայութեան նուիրուածութիւն` շարունակելով նահանգապետ Տէօքմէճեանի կեանքի օրինակն ու ժառանգութիւնը: Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ տեսանիւթ մը, որ կը ներկայացնէր նահանգապետ Տէօքմէճեանի բազմամեայ հանրային ծառայութիւնը` օգտագործելով արխիւային հարցազրոյցներու եւ պատմական տեսագրութիւններու հատուածներ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Գերագոյն դատարանի նախկին դատաւոր Մարվին Պաքսթըր, որ իր յուշերը կիսելով` անդրադարձաւ Տէօքմէճեանի առաջնորդութեան, բարեկամութեան եւ արդարադատութեան հանդէպ անոր խոր յանձնառութեան:

Քալիֆորնիոյ նախկին Առաջին տիկին Կլորիա Տէօքմէճեան ելոյթ ունենալով` իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Արեւմտեան թեմին, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր ներկաներուն` իր ամուսնոյն յիշատակը պահպանելու եւ մեծարելու համար: Իր խօսքին մէջ ան ներկայացուց ոչ միայն պետական գործիչը, այլեւ` ընտանիքին, հաւատքին եւ ծառայութեան նուիրուած մարդը:

Ապա, Թալին Պէրքսանլարի նուիրատուութեամբ, ձեռնարկի մասնակիցներուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը, որ կը կրէր նահանգապետ Տէօքմէճեանի պաշտօնական կնիքը` որպէս խորհրդանիշ անոր հանրային ծառայութեան եւ առաջնորդութեան մնայուն ազդեցութեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ի Նպաստ Հանգանակային Հաւաքին

5 յունիսին Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ բարեզարդման նպատակով կազմակերպուած հանգանակութեան հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Յարութ եւ Լենա Գամպէրեան ամոլին բնակարանին մէջ:

Եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ բարեզարդման ծախսալից աշխատանքը լաւագոյնս կատարելու միտումով կազմակերպուած հաւաքի ընթացքին հնչեցին սրտի խօսքեր: Առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց երեկոյին մասնակիցները եւ կատարուած բարերարութիւնը նկատեց աստուածահաճոյ, ազգօգուտ եւ ողջունելի արարք` յանուն Հայ եկեղեցւոյ պայծառացման:

Քուէյթ

Երիտասարդական Հոգեւոր Լսարանի Բացումը

10 յունիսին, Քուէյթի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդական հոգեւոր լսարանի բացումը մասնակցութեամբ շուրջ քառասուն երիտասարդներու:

Հանդիպումը վարեց Առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեանը, որ օրուան պատգամը փոխանցեց «Ինչո՞ւ հաւատամ» նիւթով:

Հայր սուրբը անդրադարձաւ հաւատքի էութեան, անոր նշանակութեան եւ այն հարցումներուն, որոնց հետ այսօրուան երիտասարդը յաճախ կը բախի: Ան շեշտեց, որ հաւատքը միայն աւանդութիւն կամ զգացում չէ, այլ` կենդանի յարաբերութիւն Աստուծոյ հետ, որ կեանքին իմաստ, ուղղութիւն եւ յոյս կու տայ:

Դասախօսութենէն ետք երիտասարդները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու եւ մասնակցելու հետաքրքրական քննարկման մը, որ անցաւ բաց ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:

Ապա ներկաները ուղղուեցան «Նունէ եւ Նինարէ» դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` Ազգային վարչութեան կողմէ: Հանդիպման այս բաժինը առիթ ընծայեց երիտասարդներուն` աւելի մօտէն ծանօթանալու, բարեկամական կապեր հաստատելու եւ համայնքային ոգին ամրապնդելու:

 

 

 

Leave a Comment