Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարին Այցելութիւնը Թեսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի

Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, Եաննիտ Լովէրտոս, Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը, այցելեց Թեսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։

Բարձրաստիճան հիւրը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ հայր սուրբին, թաղական խորհուրդի ատենապետին եւ անդամներուն կողմէ։

Այցելութեան ընթացքին ան նախ մուտք գործեց եկեղեցի, ուր մոմ վառելով իր աղօթքը բարձրացուց։ Այնուհետեւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան եկեղեցւոյ պատմութեան, առաքելութեան եւ տեղւոյն հայ համայնքի գործունէութեան մասին։

Այցը շարունակուեցաւ դէպի ազգային վարժարան, ուր փոխնախարարը հանդիպում ունեցաւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Փոքրիկ հիւրասիրութեան մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ անկեղծ եւ բարեկամական զրոյց՝ համայնքը յուզող հարցերու, կրթական ու մշակութային կեանքի, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրներու շուրջ։

 

Leave a Comment