Զեռնարկ նուիրուած, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով»ին

15 մայիս 2026-ին ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ ակումբէն ներս, նուիրուած, անցեալ Ապրիլին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով»ին։

Այս առթիւ, յատուկ հրաւէրով Կիպրոս կը գտնուէր, Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ՝ Աշոտ Դանիէլեանը։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոսը, Հայ Համայնքի Պետ. Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, Տէր Մաշտոց քահանայ Աշգարեանը, Արցախի ՀՅԴ Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետը, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Նարեկ վարժարաններու Հոգաբարձութեան ատենապետը։ Պրն Աշոտ Դանիէլեան եւ Յակոբ Գազանճեան մասնակցած էին Փարիզի խորհրդաժողովին։

Բացման խօսք կատարցեց ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանը, որու յաջորդեց  Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեանի ներկայացումը, առնչուած, խորհրդաժողովի ընթացքին ուրուագծուած ռազմավարական ծրագիրի մասին, անդրադառնալով  խորհրդաժողովին տեղի ունեցած ախտաճանաչումներուն, արժեւորումներուն եւ գնահատումներուն։

Ապա խօսք առաւ Պրն. Աշոտ Դանիէլեան, ուր ներկայացուց Արցախահայութեան հիմնահարցի ներկայ փուլը,  բնութագրելով Արցախահայութեան փախստական կարգախիճակը, եւ  հաւաքական վերադարձի կենսական կարեւորութիւնը։  Ելոյթի աւարտին, նախագահ Դանիէլեան եւ Յակոբ Գազանճեան պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն։

Leave a Comment