Երեքշաբթի 28 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր Քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի եւ իր պատուիրակութեան հետ գումարուած ժողովին, Նիկոսիոյ Միացեալ Ազգերու կեդրոնատեղիին մէջ։
Հանդիպումի ընթացքին ներկաները գաղափարներու փոխանակում ունեցան ընդհանուր Քարտուղարին հետ, կղզիին համայնքներուն միջեւ փոխադարձ կապերը եւ վստահութիւնը ամրապնդելու տեսակէտէն։ Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան նախաձեռնութիւններու վրայ, որոնք կը նպաստեն համագործակցութեան, երկխօսութեան եւ վստահութիւն ներշնջող միջոցառումներու։