Դպրեվանքը Մասնակցեցաւ Թեսաղոնիկէի Մէջ Կայացած Երկօրեայ Համագումարին

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րի­տո­տէլ ­Հա­մալ­սա­րա­նի Աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան հիմ­նար­կին, 15-16 ­Մա­յիս 2026-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ հա­մա­գու­մար մը՝ նո­ւի­րո­ւած էր ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն։ ­Սոյն հա­մա­գու­մա­րին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար հրա­ւի­րո­ւած էր ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպ­րե­վան­քը։ ՆՍՕՏՏ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թեամբ ու տնօ­րի­նու­մով, Դպ­րե­վան­քի ­Տե­սուչ ­Գե­րա­պա­տիւ Տ. ­Պա­րոյր Ծ. Վրդ. ­Շէր­նէ­զեան մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­մա­գու­մա­րին։ ­Հայր սուր­բը քննարկ­ման կլոր սե­ղա­նի մը շուրջ ներ­կա­յա­ցուց ­Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեա­նե­րուն ի­րա­վի­ճա­կը, ինչ­պէս նաեւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան եւ միջ-կրօ­նա­կան աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Այս ա­ռի­թով նաեւ նաեւ փո­խան­ցեց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին ող­ջոյն­ներն ու օրհ­նու­թիւ­նը։

Ն­շենք, որ բաց­ման հան­դի­սու­թեան ի­րենց ող­ջոյ­նի խօս­քը ար­տա­սա­նե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ ­Ֆի­լե­թէոս ե­պիս­կո­պո­սը եւ ­Հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ դոկտ. ­Քի­րիա­քոս Ա­նաս­թա­սիա­տիս։

­Հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան քա­ղա­քա­կան ու կրօ­նա­կան ներ­կայ տանգ­նապ­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ թէ ինչ­պէ՛ս հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան մեծ ըն­տա­նի­քը պէտք է նե­ցուկ կանգ­նի ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն։

Եր­կօ­րեայ հա­մա­գու­մա­րի ա­ւար­տին, հայր ­Պա­րոյր Աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան բա­ժան­մուն­քին հետ հան­դի­պում ու­նե­նա­լով՝ Դպ­րե­վան­քի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու զրոյց մը ու­նե­ցաւ։

 

Leave a Comment