Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, 21 փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքը:

Մրցանքին մասնակիցները ողջունեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի քաջալերել հայ աշակերտը` արտայայտուելու եւ ստեղծագործելու արեւմտահայերէնով, իր միտքներն ու զգացումները անկաշկանդ ձեւով թուղթին տալու եւ արժեւորելու իր լեզուն:

Գալեմքէրեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական տուեալներուն` շեշտելով, որ ան մեծ սէր ունէր հայ լեզուի, գրականութեան ու Հայոց պատմութեան հանդէպ եւ գիտակցած էր, որ լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ` ինքնութեան, յիշողութեան եւ արժէքներու պահպանման անհրաժշետ գործիք:

«Արեւմտահայերէնով մտածելով ու արտայայտուելով` դուք կը վերահաստատէք, որ լեզուն կենդանի է, այնքան ատեն որ զայն կը գործածէք համոզումով, սիրով եւ պատասխանատուութեամբ», հաստատեց Նարէ Գալեմքէրեան` յորդորելով աշակերտները, որ սորվին այլ լեզուներ, հարստացնեն իրենց գիտելիքները, բայց հայերէնը երբեք չմոռնան, որովհետեւ մարդ մը, որ կը կտրուի իր արմատներէն, կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ Մհերի նահատակութենէն 33 տարիներ ետք հայ աշակերտը, այս շարադրական մրցանքի նախաձեռնութեամբ, հաղորդակից կը դառնայ անոր ոգիին, վառ կը պահէ զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը եւ իր մէջ կ՛ամրապնդէ հայրենիքին ու Արցախին ծառայելու պատրաստակամութիւնը:

Յայտնենք, որ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին այս տարի իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, 65 աշակերտ-աշակերտուհիներ` երկրորդականի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժիններէ:

Մրցանքին տեւողութիւնը մէկ ժամ էր նախակրթարանի, իսկ երկու ժամ` մնացեալ կարգերուն համար: Իւրաքանչիւր բաժինի համար` նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր չորս նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը:

Մրցանքին արդիւնքները յառաջիկային պիտի յայտարարուին մամուլով:

 

Leave a Comment