Հաղորդագրութիւն

Շաբաթ օր ՀՅԴ Լիբանանի Հանրային կապերու գրասենեակը հետեւեալ ցաւակցական հաղորդագրութիւնը տարածեց.

«ՀՅԴ Լիբանանի Հանրային կապերու գրասենեակը խորազգած ցաւակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանի մամլոյ եւ լրագրական ընտանիքին, որ կորսնցուց իր զաւակներէն հոյլ մը: Անոնք նահատակուեցան ի պաշտպանութիւն արդարութեան եւ ճշմարտութեան խօսքին` իսրայէլեան շարունակական յարձակումներուն դիմակայման ընթացքին:

Անոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին Լիբանանի գոյատեւման համար` հաւատալով, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձայնը օր մը պիտի բարձրանայ, հակառակ միջազգային դատապարտելի լռութեան եւ հակառակ մեծապետական ուժերու քաղաքականութիւններուն, որոնք կ՛ըլլան անիրաւուած եւ ճնշուած ժողովուրդներու հաշուոյն:

Աստուած հոգին լուաւորէ մեր արդար նահատակներուն»:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ
ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Leave a Comment