Երկուշաբթի , 23 մարտ 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Այնճարէն պատուիրակութիւն մը Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Զահլէի եւ Պեքայի միւֆթի դոկտ. Շէյխ Ալի Ղազզաուիի, Մաժտալ-Այնճարի «Ազհար» համալիրի իր նստավայրին մէջ:
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանէ, փոխքաղաքապետ Շահան Փանոսեանէ, գիւղի երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւներէ, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Զէյթլեանէ, կոմիտէի կազմի կարգ մը ընկերներէ եւ Այնճարի գիւղապետներէն:
Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Մաժտալ-Այնճարի քաղաքապետարանը, ուր ընդունուեցաւ քաղաքապետ Ժատ Համզիի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն կողմէ:
Զոյգ այցելութիւններուն, սիրալիր մթնոլորտի մէջ, շնորհաւորութիւններու կողքին եղան սրտի խօսքեր, բարի դրացիութեան եւ գործակցութեան դրական արտայայտութիւններ: Անդրադարձ եղաւ երկրի այժմու իրավիճակին եւ շեշտը դրուեցաւ երկու գիւղերու յարաբերութեանց ու համակեցութեան վրայ:
