Համախմբուած ենք ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ նշելու Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու աւարտական հանդէսը: Այս հանդէսը վկայութիւնն է ամբողջ տարուան մը աշխատանքի եւ մշակութային առաքելութեան, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ մեր աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ համայնքին ճիգերուն մէջ: Առիթ մըն է` կանգ առնելու, արժեւորելու կատարուածը, արձանագրուած ձեռքբերումները, դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ միաժամանակ հայեացք նետելու յառաջիկայ շրջանի ծրագիրներուն ու մարտահրաւէրներուն:
Այսօր, առաջնային կարգով, օրն է 10-րդ դասարանի 7 շրջանաւարտներուն` 6-ը «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն եւ 1 աշակերտ` «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցէն: Անոնց ստանալիք վկայականը տարիներու յարատեւ աշխատանքի արժանի պսակումն է: Այս դասարանը կը կրէ նուիրեալ համազգայնական «Զոհրապ Թորիկեան սերունդ» անունը` իբրեւ յարգանքի տուրք անոր վաստակին ու յիշատակին:
Օրն է նաեւ 7-րդ դասարանի 11 աշակերտներուն, որոնք յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց համապատասխան ուսումնական ծրագիրը եւ այսօր կը ստանան իրենց վկայագիրները: Այս փուլը ձեռքբերում մըն է, սակայն նաեւ նոր սկիզբ մը` շարունակելու իրենց երաժշտական կրթութիւնն ու հասնելու մինչեւ վկայական: Այս դասարանը կը կրէ նուիրեալ համազգայնական «Կարինէ Ալեքսանդրեան սերունդ» անունը` արժեւորելով անոր նուիրումն ու ծառայութիւնը:
Հանդէսը նաեւ օրն է Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու 760 աշակերտներուն, որոնք տարեշրջանի ամբողջ ընթացքին հետեւեցան իրենց դասերուն եւ զարգացուցին իրենց կարողութիւնները «Լեւոն Շանթ» եւ «Ժիրայր ու Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոններէն ներս:
Օրն է նուիրեալ 47 ուսուցիչներուն, գեղարուեստի ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք իրենց գիտելիքով ու փորձառութեամբ կ’առաջնորդեն այս սերունդը դէպի արուեստի եւ մշակոյթի աշխարհ:
Օրն է նաեւ մեր մշակութասէր հանրութեան, որ երկրի դժուար պայմաններուն մէջ կը շարունակէ հաւատալ հայ մշակոյթի կենսունակութեան:
Այս օրը հետեւաբար յարատեւութեան, յոյսի եւ մշակութային վերանորոգումի տօն է բոլորիս համար:
Ընթացիկ տարեշրջանին Գեղարուեստի դպրոցները ունեցան 201 նոր արձանագրութիւններ: Թիւէն անդին` այս մէկը վստահութեան արտայայտութիւն կը սեպենք Համազգայինին ու անոր առաքելութեան հանդէպ: Ան կը վկայէ, որ լիբանանահայ համայնքը կը շարունակէ հաւատալ հայ ինքնութեան պահպանման, մշակութային ժառանգութեան փոխանցման եւ գեղարուեստական կրթութեան կարեւորութեան:
Տարեշրջանի առաջին ամիսներու աշխուժ գործունէութենէն ետք, երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը պարտադրեց վերատեսութեան ենթարկել աշխատանքները: Յետաձգուեցան շարք մը նախաձեռնութիւններ, սակայն բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց Գեղարուեստի դպրոցները շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը` ապահովելով դասաւանդութեան բնականոն ընթացքը:
Յատուկ կերպով կ՛արժեւորենք ծնողներուն ցուցաբերած հասկացողութիւնն ու նեցուկը եւ երախտագիտութեամբ կ՛արձանագրենք Համազգայինի բարեկամներուն ու նուիրատուներուն օժանդակութիւնը Գեղարուեստի դպրոցներուն` Լիբանանէն թէ արտերկրէն: Անոնց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ներդրում մըն է հայ մշակոյթի պահպանման գործին: Այս նուիրատուութիւնները տեղի ունեցան Շրջանային վարչութեան հաստատած «Սաներու ֆոնտ» ծրագիրին ընդմէջէն: Վերջին երկու տարիներուն «Սաներու ֆոնտ»-ին միջոցով աւելի քան 50.000 ամերիկեան տոլարի կրթանպաստ տրամադրուած է աշակերտութեան:
Գեղարուեստի դպրոցներու տարեշրջանի աշխատանքները առաջնորդուեցան վարչական պատասխանատուի եւ Կրթական խորհուրդի կողմէ, բաղկացած` դոկտ. Էտի Թորիկեանէ, Արմէն Ճէնտէրէճեանէ եւ Ռալֆ Քէօշկերեանէ, որոնք իրենց կողքին ունեցան հայրենի եւ լիբանանահայ մասնագէտ ուսուցիչներու կազմ մը: Առաջնահերթութիւն տրուեցաւ որակի բարձրացման ու ծրագիրներու բարելաւման կարեւորութեան: Իւրաքանչիւր դպրոցի համար կազմուեցան մասնագիտական յանձնախումբեր, որոնք իրենց փորձառութեամբ խորհրդատուութիւններ կատարեցին: Իւրաքանչիւր դպրոց ունեցաւ վարպետաց դասեր մասնագէտներու հետ, որոնց ընթացքին աշակերտները զարգացուցին իրենց հմտութիւններն ու կատարողական կարողութիւնները:
Դպրոցի աշակերտները մնայուն կերպով մասնակցութիւն բերին գաղութի ձեռնարկներու գեղարուեստական բաժիններուն:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը շարունակեց մնալ հայ երաժշտական կրթութեան ամուր հիմնասիւնը` պատրաստելով որակեալ սերունդ մը, որ կը հասկնայ, կը գնահատէ եւ կը կրէ հայ երաժշտական ժառանգութիւնը:
Երաժշտանոցը կը շարունակէ գործակցութիւնը Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին հետ:
Այս տարեշրջանին դասաւանդուեցան` դաշնամուր, ջութակ, կիթառ, փողային գործիքներ, տհոլ եւ թմբուկ` համապատասխան տեսական դասընթացքներու ուղեկցութեամբ: Ընթացքի մէջ է տեսական նիւթերու արդիականացման ծրագիրը, որ պիտի կիրարկուի յառաջիկայ տարեշրջանին` նիւթերը մանկավարժական մօտեցումով մատչելի դարձնելու նպատակով:
Աշակերտները մասնակցեցան քոլեճի ունկնդրութիւններուն:
Անհատական ուսուցման կողքին, երաժշտանոցին մէջ կը գործեն շարք մը համոյթներ, որոնք կարեւոր դեր կը խաղան հաւաքական երաժշտական փորձառութիւն ձեռք ձգելու մէջ: Անոնց շարքին են` «Նայիրեան» աշակերտական նուագախումբը` մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի խմբավարութեամբ, որ յառաջիկայ տարեշրջանի սկիզբին պիտի ունենայ իր ելոյթը, եւ «Տամիտոմ» տհոլահարներու համոյթը` Նարեկ Քեշիշեանի ղեկավարութեամբ: Վերակազմակերպուեցաւ կիթառահարներու համոյթը` Մկրտիչ Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ, որ դարձեալ կը պատրաստուի իր ելոյթին:
Ուրախութեամբ կ՛արձանագրնք քոլեճի աշակերտներու մասնակցութիւնը Վիվալտիի միջազգային մրցոյթին` արժանանալով բարձրագոյն մրցանակներուն:
«Գայեանէ» պարի դպրոցը շարունակեց իր գործունէութիւնը հայրենի արուեստագէտներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու ղեկավարութեամբ` փոխանցելով մեր ազգային եւ ժողովրդական պարի աւանդութիւնները: Տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ անցեալ նոյեմբերին` աւելի քան 200 աշակերտներու մասնակցութեամբ եւ մեծ յաջողութեամբ:
«Գայեանէ» պալէի դպրոցը արձանագրեց թուային աճ ու Ամանորի նախօրեակին, երկու օրուան վրայ «Քնար» պարախումբի մասնակցութեամբ, ներկայացուց «Նաթքըրաքըր» հեքիաթային ներկայացումը, որ արժանացաւ գնահատանքի եւ լայն արձագանգի:
Տարեշրջանի ընթացքին ծնողներու ներկայութեամբ կազմակերպուեցան բաց դասարաններ, որոնք առիթ հանդիսացան մօտէն հետեւելու իրենց զաւակներուն դասաւանդութեան:
«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը կը շարունակէ իր գործակցութիւնը Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիային հետ: Ուսուցչական կազմին միացան երիտասարդ ուսուցիչներ` նոր շունչ բերելով աշխատանքներուն: Դպրոցը մասնակցեցաւ շարք մը ցուցահանդէսներու, իսկ քանի մը օր ետք պիտի կազմակերպէ իր տարեկան ցուցահանդէսը, ուր պիտի ներկայացուին աշակերտներուն տարեշրջանի աշխատանքները: Երկրի կացութեան պատճառով յետաձգուած միջդպրոցական նկարչական մրցանքը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ տարեշրջանին:
Յատուկ շեշտ դրուեցաւ վարպետաց դասերու վրայ: Նկարչութեան եւ կերպարուեստի տարբեր բնագաւառներու շուրջ կազմակերպուած այս հանդիպումները նպատակ ունէին ընդլայնել աշակերտներուն հորիզոնները ու զարգագնելու մտածողութիւնը: Աշակերտները պատրաստեցին նաեւ Կաղանդի շնորհաւորական բացիկներ, որոնք նուիրուեցան ծնողներուն եւ միութիւններուն:
Մնայուն աշխատանք կը տարուի կրթական ծրագիրի արդիականացման ուղղութեամբ: Կը նախատեսուին նոր նիւթեր, ինչպէս` թուային նկարչութիւնը: Դպրոցի վարիչն է Թալին Մոսիկեանը:
«Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը, Շողիկ Թորոսեանի խմբավարութեամբ, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը` իր շուրջ համախմբելով հայ երգը սիրող պատանիները: Ստեղծուած պայմաններուն պատճառով որոշ ուշացումով, սակայն մօտ ապագային «Կարկաչ»-ը բեմ պիտի բարձրանայ «Նայիրեան» նուագախումբի ընկերակցութեամբ` լիբանանահայութեան պարգեւելով յիշատակելի երաժշտական ելոյթ մը:
«Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցը, Սիլվա Սողոմոնեանի ղեկավարութեամբ, տարուան մը աշխատանքէ ետք լիբանանահայ 500 հանդիսատեսի եւ 800 աշակերտներու ներկայացուց «Հէյ ջան, ղափամա» թատերախաղը, որ արժանացաւ բարձր գնահատանքի` վկայելով տարուած աշխատանքին ու պատրաստուածութեան մասին:
Գեղարուեստի դպրոցներէն անկախ` կը գործէ նաեւ «Կարօտ» հայերէնի դասաւանդման դպրոցը, որ կը նպաստէ ինքնութեան ամրապնդման` ծառայելով տարբեր տարիքի աշակերտներու եւ հայերէն սորվիլ փափաքող անհատներու: Դպրոցի պատասխանատուն է Հուրի Ղազարեան:
Աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն նաեւ Համազգայինի մասնագիտացած մասնաճիւղերը` «Քնար», «Գասպար Իփէքեան» եւ «Գուսան», որոնք կը ղեկավարուին իրենց վարչութիւններով եւ կը պատրաստուին յառաջիկայի ելոյթներուն: Մեր յորդորն է, որ Գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտները, աւարտելէ ետք, իրենց գործունէութիւնը շարունակեն այս մասնաճիւղերէն ներս` ապահովելով շարունակականութիւն եւ սերունդներու փոխանցում:
Կը շնորհաւորենք շրջանաւարտները եւ կը մաղթենք անոնց նոր յաջողութիւններ: Միաժամանակ կը թելադրենք, որ անոնք շարունակեն օժանդակել Համազգայինի աշխատանքներուն եւ իրենց մասնակցութեամբ նպաստեն միութեան առաքելութեան:
Իսկ բոլոր աշակերտներուն, որոնք համախմբուած են Համազգայինի երդիքին տակ, կ՛ըսենք, որ դուք կոչուած էք տէր կանգնելու հայկականին ու ազգայինին, պահպանելու եւ փոխանցելու մեր մշակութային արժէքները: Ձեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը տեսնենք վաղուան գործիչն ու արուեստագէտը, ազգային արժէքներու գիտակից կրողը: Վստահ ենք, որ դուք պիտի շարունակէք հարստացնել մեր կեանքը եւ արժանիօրէն կրել հայ մշակոյթի ջահը:
Այս առիթով մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ ազգային կառոյցներուն, որոնց հետ գործակցեցանք նախորդ շրջանին եւ ի մասնաւորի օգտաշատ գործակցութիւնը` լիբանանահայ վարժարաններուն հետ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, երեսփոխան Յակոբ Թէրզեանին, իրենց նեցուկին համար, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` իր մնայուն աջակցութեան համար:
Վարձքը կատար բոլոր ուսուցիչներուն, պատասխանատուներուն, աշխատակազմին ու կամաւոր բանակին, որոնց նուիրումն ու ծառայութիւնը հիմքն են այսօրուան ձեռքբերումներուն:
Կեցցէ՛ հայ մշակոյթը: Կեցցէ՛ Համազգայինը:
* Խօսք` արտասանուած Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու 2025-2026 տարեշրջանի աւարտական հանդէսին:
