Հայ Քաղաքական Խօսոյթը Եւ Համաշխարհային Մարտահրաւէրները

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Հայ քաղաքական խօսոյթը 21-րդ դարուն կը գտնուի պատմական շրջադարձային փուլի մը դէմ յանդիման: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր ձեւաւորուած քաղաքական, գաղափարական եւ ազգային օրակարգերը այսօր կը բախին ոչ միայն տարածաշրջանային անվտանգային սպառնալիքներու, այլ նաեւ` համաշխարհային համակարգի խորքային վերափոխումներուն: Աշխարհակարգի փոփոխութիւնը, մեծ պետութիւններու մրցակցութիւնը, միջազգային իրաւունքի տկարացումը, ինքնութեան քաղաքականութեան վերելքը, ժողովրդագրական ճգնաժամերը, թուայնացումն ու տեղեկատուական պատերազմները արմատապէս կը փոխեն փոքր ազգերու գոյատեւման պայմանները: Այս բոլորին մէջ հայ քաղաքական միտքը յաճախ կը շարունակէ գործել անցեալի տրամաբանութիւններով` առանց համաշխարհային զարգացումներուն համահունչ նոր ռազմավարական մտածողութիւն մշակելու:

Հայ քաղաքական խօսոյթին պատմական հիմքերը

Հայ քաղաքական խօսոյթին հիմնական առանձնայատկութիւններէն մէկը պատմական յիշողութեան գերակշռող դերն է: Հայոց ցեղասպանութիւնը, բռնագաղթը, հայրենազրկումը եւ գոյաբանական սպառնալիքները ոչ միայն ազգային ինքնութեան առանցքային տարրեր դարձած են, այլ նաեւ` քաղաքական մտածողութեան հիմնական յղացքները: Սակայն ժամանակակից քաղաքական իրականութիւնը կը պահանջէ, որ յիշողութեան քաղաքականութիւնը վերածուի ապագայակերտ ռազմավարութեան: Երբ քաղաքական խօսոյթը ամբողջովին կեդրոնանայ անցեալի ողբերգութիւններուն վրայ` առանց ապագայի կառուցման յստակ տեսլականի, ան կրնայ վերածուիլ պաշտպանողական ու յաճախ նաեւ զգացական արձագանգի մը` չկարենալով արտադրել գործնական քաղաքականութիւն:

Հայ քաղաքական մտքին առջեւ կանգնած հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկը ազգային ինքնութեան վերասահմանումն է: Երկար ժամանակ հայ ինքնութիւնը կառուցուած է երեք հիմնասիւներու վրայ` պատմութիւն, Եկեղեցի եւ լեզու: Սակայն համաշխարհայնացումը, զանգուածային արտագաղթը եւ մշակութային համասեռացման գործընթացները այս աւանդական յենարանները կը դնեն լուրջ փորձութեան առջեւ: Սփիւռքի նոր սերունդներուն համար հայ ըլլալը այլեւս ինքնաբերաբար չի փոխանցուիր: Անիկա կը պահանջէ` գիտակցական ընտրութիւն, քաղաքական կրթութիւն եւ ժամանակակից ձեւերով ազգային պատկանելիութեան վերարտադրութիւն: Հետեւաբար հայ քաղաքական խօսոյթը ստիպուած է պատասխանել կենսական հարցումի մը.  ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել ազգային ինքնութիւնը` առանց փակ ազգայնականութեան, եւ ինչպէ՞ս կարելի է համադրել համաշխարհային քաղաքացիութիւնը ազգային պատկանելիութեան հետ:

Սփիւռք-Հայաստան երկփեղկում

Այս ծիրին մէջ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ հայ քաղաքական մտքի ամէնէն բարդ խնդիրներէն մէկը: Անկախութենէն ետք գոյացած պատկերացումը այն էր, թէ Հայաստանը պիտի դառնար համահայկական քաղաքական կեդրոնը: Սակայն իրականութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները տակաւին կը տառապին տարբեր առաջնահերթութիւններու, քաղաքական մշակոյթներու եւ աշխարհաքաղաքական ընկալումներու բախումներէ: Սփիւռքը շատ յաճախ կը մտածէ յիշողութեան եւ ինքնապահպանման տրամաբանութեամբ, մինչդեռ Հայաստանի պետութիւնը կը գործէ գոյատեւման եւ անվտանգութեան հրամայականներով: Այս երկփեղկումը յաճախ կը ստեղծէ փոխադարձ դժգոհութիւն եւ ռազմավարական անորոշութիւն:

Արցախեան պատերազմն ու անոր հետեւանքները արմատապէս փոխեցին հայ քաղաքական խօսոյթը: Տասնամեակներով ձեւաւորուած ազգային պատկերացումները, յաղթանակի եւ անվտանգութեան ընկալումները ենթարկուեցան խոր ճգնաժամի: Այս իրադարձութիւնները բացայայտեցին, որ ազգային քաղաքական մտածողութիւնը յաճախ կառուցուած էր զգացական եւ խորհրդանշական հենքերու վրայ` առանց ուժային հաւասարակշռութեան, միջազգային քաղաքականութեան եւ ռազմավարական իրատեսութեան խոր գնահատման: Արդիւնքը եղաւ այն, որ հայ հասարակութիւնը յայտնուեցաւ ոչ միայն ռազմական կամ քաղաքական, այլ նաեւ մտաւոր եւ գաղափարական ճգնաժամի մէջ:

Քաղաքական նոր լեզուի անհրաժեշտութիւն

Այս պայմաններուն մէջ կը ծագի  քաղաքական նոր լեզուի անհրաժեշտութիւնը: Հայ քաղաքական խօսոյթը պէտք է անցնի գոյաբանական վախերէ առաջնորդուող մտածողութենէն դէպի ռազմավարական պետականակեդրոն մտածողութիւն: Անհրաժեշտ է ձեւաւորել քաղաքական մշակոյթ մը, ուր ազգային անվտանգութիւնը, ժողովրդագրութիւնը, տնտեսական զարգացումը, կրթութիւնը եւ գիտութիւնը դիտուին որպէս ազգային գոյատեւման բաղադրիչներ: Փոքր պետութիւններու փորձը ցոյց կու տայ, որ 21-րդ դարու մրցունակութիւնը միայն ռազմական ուժով չ՛որոշուիր, այլ նաեւ` գիտելիքի արտադրութեամբ, արհեստագիտական կարողութեամբ եւ կառավարման արդիւնաւէտութեամբ:

Հայ քաղաքական խօսոյթին մէջ լուրջ տեղ պէտք է գրաւէ նաեւ ժողովրդագրական հարցը: Արտագաղթը, ծնելիութեան անկումը եւ երիտասարդ սերունդներու ապագայի նկատմամբ անվստահութիւնը ազգային անվտանգութեան հիմնարար մարտահրաւէրներ են: Ժողովրդագրական անկումը ոչ միայն տնտեսական խնդիր է, այլ նաեւ` քաղաքական եւ քաղաքակրթական ճգնաժամ: Առանց մարդկային ներուժի վերարտադրութեան` որեւէ ազգային ռազմավարութիւն դատապարտուած է տկարացման: Հետեւաբար քաղաքական մտածողութիւնը պէտք է վերարժեւորէ ընտանիքը, կրթութիւնը եւ երիտասարդութեան դերը` որպէս ազգային հզօրացման առանցքային գործօններ:

Միւս կողմէ` ժամանակակից աշխարհը կը բնորոշուի տեղեկատուական եւ գաղափարական պատերազմներով: Թուային միջավայրը վերածուած է ինքնութեան, պատմութեան եւ քաղաքական ազդեցութեան պայքարի հիմնական հարթակներէն մէկուն: Հայկական քաղաքական խօսոյթը տակաւին ամբողջովին չէ յարմարած այս նոր իրականութեան: Մինչ ուրիշ պետութիւններ ռազմավարական կերպով կ՛օգտագործեն արդի  լրատուամիջոցները, արհեստական բանականութիւնը եւ հանրային դիւանագիտութիւնը, հայկական խօսոյթը յաճախ կը մնայ արձագանգային եւ ոչ` նախաձեռնող: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ձեւաւորել ժամանակակից հաղորդակցական ռազմավարութիւններ, որոնք կրնան համաշխարհային մակարդակի վրայ ներկայացնել հայկական քաղաքական, պատմական եւ մշակութային օրակարգերը:

Հայ քաղաքական մտքին առջեւ կանգնած է նաեւ ժողովրդավարութեան եւ պետականութեան յարաբերութեան խնդիրը: Անկախութենէն ի վեր հայ հասարակութիւնը բազմիցս բախած է հարցումի մը. ինչպէ՞ս կարելի է համադրել ազգային անվտանգութիւնը ժողովրդավարական ազատութիւններուն հետ: Այս երկընտրանքը յաճախ ներկայացուած է որպէս զիրար բացառող իրականութիւններ, մինչդեռ արդիւնաւէտ պետութիւնները կը ցուցադրեն, որ ուժեղ պետականութիւնը եւ ժողովրդավարական համակարգը կրնան փոխլրացնել զիրար: Առանց հաստատութիւններու, օրէնքի գերակայութեան եւ հանրային վստահութեան` որեւէ ազգային ծրագիր չի կրնար ունենալ երկարաժամկէտ կայունութիւն:

Վերջապէս, հայ քաղաքական խօսոյթը պէտք է վերանայի իր «համահայկականութեան» ընկալումը: Տասնամեակներ շարունակ համահայկականութիւնը յաճախ ներկայացուած է որպէս զգացական միասնականութիւն կամ խորհրդանշական համախմբում: Սակայն նոր աշխարհակարգը կը պահանջէ գործառական համահայկականութիւն` հիմնուած գիտական, տնտեսական, կրթական եւ ռազմավարական համագործակցութեան վրայ: Հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ինչպէ՞ս պահպանել հայկական ինքնութիւնը, այլ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս հայկական ներուժը վերածել համաշխարհային ազդեցութեան գործօնի:

Այս բոլոր մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ ակնյայտ է, որ հայ քաղաքական խօսոյթը կը գտնուի վերափոխման հրամայականի առջեւ: Անհրաժեշտ է անցնիլ անցեալակեդրոն պաշտպանողական մտածողութենէն դէպի ապագայակերտ ռազմավարական քաղաքականութիւն: Հայ քաղաքական միտքը պէտք է սորվի համադրել պատմական յիշողութիւնը քաղաքական իրատեսութեան, ազգային ինքնութիւնը համաշխարհային մասնակցութեան, իսկ հայրենասիրութիւնը` արդիւնաւէտ պետականաշինութեան հետ: Միայն այս պարագային հայութիւնը պիտի կարենայ դիմագրաւել 21-րդ դարու աշխարհաքաղաքական եւ քաղաքակրթական մարտահրաւէրները` վերածուելով ոչ թէ միայն գոյատեւող, այլ նաեւ ստեղծագործ եւ ազդեցիկ համաշխարհային դերակատարի մը:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները եւ սփիւռքը

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն քաղաքական ուղղութիւնը եւ սփիւռքի դերը կարելի չէ հասկնալ` առանց վերոյիշեալ համաշխարհային եւ ազգային վերափոխումներուն ծիրին մէջ դիտարկելու: Իրականութեան մէջ այսօրուան հայ քաղաքական խօսոյթին հիմնական ճգնաժամերէն մէկը այն է, որ պետութիւնը, սփիւռքը եւ ազգային գաղափարական համակարգը այլեւս ամբողջովին նոյն քաղաքական լեզուով չեն մտածեր: Անոնք կը գործեն տարբեր փորձառութիւններու, տարբեր առաջնահերթութիւններու եւ երբեմն նաեւ տարբեր իրականութիւններու հիման վրայ:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, յատկապէս` 2020-էն ետք, որդեգրած են քաղաքական իրապաշտութեան եւ պետական գոյատեւման տրամաբանութեան վրայ հիմնուած մօտեցում մը: Անոնք կը փորձեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը դուրս բերել պատմական եւ զգացական «ծանրաբեռնուածութենէն»`  առաջնահերթութիւն տալով միջազգային սահմաններու, տնտեսական կայունութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու եւ պետական ինքնիշխանութեան պահպանման: Այս քաղաքականութեան հիմքին մէջ կայ այն ընկալումը, թէ Հայաստանը այլեւս չի կրնար շարունակել գործել յեղափոխական կամ պատմական ռոմանթիզմի տրամաբանութեամբ, այլ պէտք է յարմարի ուժային նոր հաւասարակշռութիւններուն եւ տարածաշրջանային իրականութիւններուն:

Սակայն այս քաղաքական մօտեցումը խոր հակասութիւններ ստեղծած է հայկական ազգային խօսոյթին մէջ: Սփիւռքը կը քննադատէ ներկայ իշխանութիւնները, որ երբեմն չափազանց կը նեղցնեն ազգային հարցերու ռազմավարական եւ քաղաքակրթական խորութիւնը` պետութիւնը վերածելով միայն վարչական եւ տարածքային միաւորի մը: Ան կը մտահոգուի, որ «խաղաղութեան» եւ «իրապաշտութեան» անունով տեղի կ՛ունենայ ազգային յիշողութեան, պատմական պահանջատիրութեան եւ համահայկական քաղաքական պատկերացման աստիճանական նահանջ:

Միեւնոյն ժամանակ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ առաջադրուած որոշ գաղափարներ կը ներկայացնեն նաեւ հայկական քաղաքական մտքի վերափոխման փորձ մը: Անոնք կը փորձեն տեղափոխել ազգային քաղաքականութիւնը «մեծ պատմական առաքելութիւններու» դաշտէն դէպի «պետական դաշտ»: Այս մօտեցումը կ՛ընդգծէ, որ առանց տնտեսական զարգացման, պետական հաստատութիւններու, ժողովրդագրական կայունութեան եւ միջազգային օրինականութեան` որեւէ ազգային ծրագիր դատապարտուած է ձախողութեան: Այս իմաստով, ներկայ իշխանութիւնները կը ներկայացնեն հայկական քաղաքական խօսոյթին մէջ նոր ուղղութիւն մը, որ կը փորձէ ազգային հարցը դիտել ոչ միայն պատմական, այլ նաեւ ժամանակակից աշխարհաքաղաքական եւ պետական տրամաբանութեան մէջ:

Սակայն այստեղ կը ծագի հիմնական հարցումը. կրնա՞յ արդեօք հայկական քաղաքականութիւնը ամբողջովին անջատուիլ պատմական յիշողութենէն եւ համահայկական գաղափարէն: Հայաստանի պարագային, պետութիւնը պարզապէս վարչական կառոյց չէ: Անիկա նաեւ համաշխարհային հայութեան քաղաքական եւ հոգեբանական կեդրոնն է: Հետեւաբար, երբ պետական քաղաքականութիւնը կը հեռանայ համահայկական պատկերացումէն, բնականաբար կը ստեղծուի վստահութեան ճգնաժամ սփիւռքի հետ:

Ահա այստե՛ղ է, որ սփիւռքի դերը կը դառնայ առանցքային: Սփիւռքը միայն բարեսիրական կամ զգացական կառոյց չէ: Անիկա համաշխարհային ցանց մըն է` տնտեսական, քաղաքական, մտաւոր եւ մշակութային հսկայական ներուժով: Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքը եղած է հայկական ինքնութեան պահպանման հիմնական յենարանը: Անիկա ստեղծած է` դպրոցներ, համալսարաններ, լրատուամիջոցներ, կուսակցական կառոյցներ, մշակութային միութիւններ եւ եկեղեցական հաստատութիւններ: Այս իմաստով, սփիւռքը ոչ միայն պահպանած է հայկականութիւնը, այլ նաեւ վերածուած է հայկական քաղաքականութեան ոչ պետական ուժային բեւեռի մը:

Քաղաքական առումով, սփիւռքը ունեցած է երեք հիմնական դերակատարութիւններ.

1.- Միջազգային լոպիականութիւն եւ դիւանագիտական ազդեցութիւն

Սփիւռքեան համայնքները, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ, կարեւոր դեր խաղացած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի հարցի միջազգայնացման եւ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան մէջ: Անոնք յաճախ լրացուցած են Հայաստանի պետական դիւանագիտութեան սահմանափակումները:

2.- Տնտեսական եւ ֆինանսական աջակցութիւն

Անկախութենէն ի վեր սփիւռքը հսկայական դրամական հոսքեր ուղղած է Հայաստան` ներդրումներու, բարեսիրական ծրագիրներու եւ դրամահաւաքներու միջոցով: Սակայն այսօր հիմնական խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՛ս անցնիլ բարեսիրական մօտեցումէն դէպի ռազմավարական տնտեսական գործընկերութիւն: Հայաստանը տակաւին ամբողջովին չէ կարողացած սփիւռքի տնտեսական ներուժը վերածել երկարաժամկէտ զարգացման համակարգի:

3.- Մշակութային եւ գաղափարական ազդեցութիւն

Սփիւռքը կը շարունակէ մնալ հայկական մշակոյթի, լեզուի եւ պատմական յիշողութեան հիմնական կրողներէն մէկը: Սակայն այստեղ եւս ճգնաժամ գոյութիւն ունի: Ձուլումը, լեզուի կորուստը եւ սերունդներու փոփոխութիւնը կը տկարացնեն աւանդական սփիւռքեան կառոյցները: Հետեւաբար սփիւռքը ինքն ալ կը գտնուի վերաիմաստաւորման անհրաժեշտութեան առջեւ:

Եզրակացութիւն

Այս բոլորին լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ այսօր հայ քաղաքական խօսոյթին հիմնական խնդիրը ոչ միայն իշխանութիւններու քաղաքականութիւնն է, այլ նաեւ` համազգային ռազմավարական տեսլականի բացակայութիւնը: Հայաստանը եւ սփիւռքը յաճախ կը շարժին տարբեր ուղղութիւններով` առանց միասնական ազգային պատկերացման: Մէկ կողմէ պետութիւնը կը փորձէ գոյատեւել միջազգային ուժային համակարգին մէջ, իսկ միւս կողմէ` սփիւռքը կը շարունակէ պաշտպանել պատմական եւ համահայկական օրակարգը:

Հետեւաբար ապագայի հիմնական հարցումը հետեւեալն է.

Ինչպէ՞ս կարելի է կառուցել նոր համահայկական քաղաքական խօսոյթ մը, ուր Հայաստանը ըլլայ ոչ միայն տարածքային պետութիւն, սփիւռքը` ոչ միայն յիշողութեան համայնք, այլ երկուքն ալ միասին վերածուին համաշխարհային հայկական ռազմավարական ուժի:

 

 

 

Leave a Comment