Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը

Հայկազեան համալսարանը խոր վիշտով գուժեց անժամանակ մահը համալսարանական մեծ ընտանիքի արժանաւոր անդամ, վաստակաշատ կրթական մշակ եւ գիտնական` դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանին:

Դոկտ. Ճէրէճեան շուրջ երեք տասնամեակ իր նուիրեալ ծառայութիւնը բերաւ Հայկազեան համալսարանին` նախ իբրեւ դասախօս, ապա` տեսչութեան օգնական դասախօս: Ան իր ժրաջան գործունէութեան ճամբով գիտութիւն ջամբեց ուսանողներու ամբողջ սերունդներու` առաջնորդութեան, կազմակերպչական վարքագիծի, ռազմավարական կառավարման, մարդկային ուժերու կառավարման եւ կազմակերպչական փոփոխութիւններու մարզերուն մէջ:

Իր մասնագիտական ուղղամտութիւնն ու ունեցած լայն փորձառութիւնը Որակի համապարփակ կառավարման (TQM) բնագաւառին մէջ եւ ուսանողներու զարգացման հանդէպ անսակարկ նուիրումը անջնջելի դրոշմ ձգեցին Գործարարական կառավարման եւ Տնտեսագիտութեան բաժանմունքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան համալսարանի ողջ ընտանիքին վրայ:

Նոյնիսկ հանգստեան կոչուելէ ետք, դոկտ. Ճէրէճեանի հաւատարմութիւնը Հայկազեան համալսարանին հանդէպ մնաց ամուր ու հետեւողական: Ան շարունակեց առաջնորդել ու խորհուրդներ տալ մագիստրոսականի  ուսանողներուն` սիրայօժար կերպով բաժնեկցելով իր գիտութիւնն ու փորձառութիւնը:

Դոկտ. Ճէրէճեան պիտի յիշուի ոչ միայն իր ակադեմական ակնառու վաստակին, այլ նաեւ իր բարութեան, խոնարհութեան եւ Հայկազեան համալսարանի առաքելութեան հանդէպ ունեցած մնայուն ուխտին համար:

Հայկազեան համալսարանի մեծ ընտանիքը սրտագին վշտակցութիւնը յայտնեց անոր ընտանիքին, հարազատներուն, նախկին ուսանողներուն եւ պաշտօնակիցներուն, եւ փառք կու տայ Աստուծոյ` կրթութեան, ծառայութեան ու ուրիշներուն յառաջդիմութեան նուիրուած կեանքի մը համար:

Նշենք, որ դոկտ. Ճէրէճեան իր դոկտորական տիտղոսը  ստացած էր Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի Ընկերաբանութեան  ամպիոնէն: Իր աւարտաճառը կը կրէր «Լիբանանահայ երիտասարդութեան ընկերային եւ մշակութային համարկումը»  խորագիրը:

Leave a Comment