Համազգայինը Խիզախօրէն Ու Մեծ Հաւատքով Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը*

ՍԻԼՎԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

«Ազգի մը ապագան կը կերտուի ոչ միայն քաղաքական պայքարով,
այլ նաեւ` մշակութային ստեղծագործութեամբ»

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

Այդ համոզումով ծնաւ Համազգայինը` իբրեւ դպրոց, բեմ, գիրք, երգ, նկարչութիւն, երաժշտութիւն եւ ազգային յիշողութիւն պահպանող մեծ օճախ:

Այսօր Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներէն երաժշտանոցի աշակերտներուն տարիներու աշխատանքին բերքն է, որ կը քաղենք: Համազգայինի իսկական ուժը շէնքերը կամ ծրագիրները չեն: Անոր ուժը դո՛ւք էք, մարդն է, աշակերտը, ծնողը, արուեստագէտն ու կամաւորը: Անոնք են, որ տակաւին կը հաւատան, թէ մշակոյթը ազգը պահող ուժն է:

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները պարզ կեդրոն մը չեն, այլ` դիմադրութեան բերդ եւ մշակութային գոյապայքարի օճախ:

Երբ լիբանանահայ ընտանիքը իր զաւակը կը բերէ Համազգային` սորվելու երաժշտութիւն, երգ, պար, թատրոն եւ նկարչութիւն, ան միայն դասի չի ղրկեր: Ան կը հաւատայ ապագային, որովհետեւ այս սերունդը պիտի պահէ հայ հոգին, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուի:

Այս դժուար օրերուն մեր զաւակները ամէնէն աւելի կարիքը ունին գեղեցիկին: Կարիքը ունին` արտայայտուելու, ստեղծելու, միասին երգելու, զգալու ու երազելու: Երազները թեւեր չունին, մարդն է, որ անոնց թռիչք կու տայ իր հաւատքով ու աշխատանքով:

Այս օրերուն, երբ Լիբանանի մէջ ինքնին ապրիլը դժուար է, Համազգայինը խիզախօրէն ու մեծ հաւատքով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Վերջին շրջանին, հակառակ տիրող քաղաքական տագնապալի կացութեան, Համազգայինը կազմակերպեց` համերգներ, ցուցահանդէսներ, թատրոն, պարի ելոյթ եւ այլ նախաձեռնութիւններ` անկայունութիւնը վերածելով յոյսի եւ ստեղծագործութեան, անխտիր ծառայելով հայ մշակոյթի պահպանման, փոխանցման ու նոր սերունդին կերտման գործին:

Լիբանանի մէջ Համազգայինը միշտ ունեցած է առանցքային դեր` սերունդներու փոխանցելով արուեստ եւ մշակոյթ: Այսօր անոր դերը կենսական է այս արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ, ան դարձած է գոյատեւման կառոյց եւ հոգեկան վերապրումի վայր:

Վերջերս լիբանանահայ բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ երիտասարդներ կը մտածեն արտագաղթի մասին: Համազգայինը կը շարունակէ ստեղծել այն տարածքը, ուր հայ պատանին կրնայ զգալ, թէ ինք ունի պատկանելիութիւն, ունի արմատ, ունի համայնք:

Այս բոլորին մէջ կայ մէկ մեծ ու սրբազան կապ մը, կապը` հայրենիքին հետ: Սփիւռքի մէջ ապրող հայ մանուկը հայրենիքը առաջին անգամ կը ճանչնայ` երգով, պարով, թատրոնով, հայկական երաժշտութեամբ: Ան Արարատը գիրքին մէջ միայն չի տեսներ: Ան զայն կը զգայ` երգին մէջ, Կոմիտասի մեղեդիին մէջ, մեր ժողովրդական խրոխտ պարերու միասնութեան մէջ, մեր բեմերու վրայ պատմուող պատմութիւններուն մէջ: Համազգայինը իր աշակերտին կը սորվեցնէ,  որ Հայաստանը միայն աշխարհագրական տարածք չէ, այլ նաեւ` յիշողութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները կամուրջներ են սփիւռքէն դէպի հայրենիք:

Սիրելի 7-րդ դասարանի ընթացաւարտներ,

Ձեր սերունդը կը կոչուի «Կարինէ Ալեքսանդրեան սերունդ»:

Շատ մօտէն ճանչցած եմ զինք: Կարինէն այն արուեստասէր կինն էր, որուն ներկայութեան գեղեցիկը կը զգացուի: Ան իր նրբաճաշակ արուեստով եւ ազգային զգացողութեամբ կարեւոր ներդրում ունեցած է հայկական պարային մշակոյթի պահպանման մէջ:

Իբրեւ հայկական տարազներու մասնագէտ` ան ոչ միայն հագուստ ստեղծած է, այլեւ` պատմութիւն փոխանցած: Անոր ներկայութիւնը ազդեցիկ էր, ան կը սորվեցնէր, թէ արուեստը հոգիի արտայայտութիւն է, իսկ հայկական տարազը` ազգի մը պատմութիւնը: Համազգայինի բազմաթիւ բեմադրութիւններու եւ պարախումբերու ելոյթներու ընթացքին անոր աշխատանքը օգնած է, որ սերունդներ զգան հայուն արմատներն ու արժանապատուութիւնը: Անոր համար հայկական տարազը պատմութիւն է, յիշողութիւն եւ ազգային շունչ: Ան գիտէր, որ գոյները կրնան խօսիլ, նախշերը կրնան պատմել, իսկ գեղեցիկը կրնայ դաստիարակել:

Կարինէ Ալեքսանդրեանին համար  արուեստասէր ըլլալը միայն ստեղծել չէր, այլ` կեանքի նկատմամբ վերաբերումի ոճ: Ան կրցաւ կապել մեր պատմութիւնը այսօրուան հետ: Անոր նրբաճաշակ ձեռագիրին մէջ մնացած է այսօր գեղեցիկը արժեւորելու եւ ազգային մշակոյթը արժանապատիւ ներկայացնելու գաղափարը:

Սիրելի՛ 10-րդ դասարանի աւարտականներ,

Ձեր սերունդը կը կոչուի համազգայնական Զոհրապ Թորիկեանի անունով:

Զոհրապ Թորիկեան այն նուիրեալ համազգայնականներէն էր, որոնց համար մշակոյթը պարզ գործունէութիւն մը չէր, այլ` ազգային ծառայութիւն: Ան իր ամբողջ կեանքով հաւատաց, որ սփիւռքի մէջ հայութիւնը կարելի է պահպանել միայն խստապահանջ, կազմակերպուած կրթական եւ մշակութային աշխատանքով:

Զոհրապ Թորիկեան երգած է «Գուսան»-էն, պարած է «Քնար»-էն ու հետագային եղած է ատենապետ «Քնար»-ի ու «Գուսան»-ի վարչութիւններու, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ, նաեւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գործունեայ մէկ անդամը եղած է եւ մեծ դեր ունեցած է սերունդներու դաստիարակութեան, արուեստի տարածման եւ հայկական մշակութային կեանքի ամրապնդման մէջ:

Զոհրապ Թորիկեան մարդ էր` բառին բուն իմաստով, համեստ, ամուր եւ սկզբունքային: Ան ամէնօրեայ նուիրումով կը կատարէր իր կազմակերպուած գործը: Իր շրջապատին համար վստահելի ներկայութիւն էր. իր գործը համահունչ էր իր խօսքին: Ան մշակոյթը կը տեսնէր իբրեւ հոգեւոր գոյատեւում:

Զոհրապ Թորիկեան մեծ կարեւորութիւն կու տար երիտասարդներուն: Կը հաւատար, որ նոր սերունդը պէտք է թրծուի ինքնութեան գիտակցութեամբ: Ան գիտէր լսել, քաջալերել եւ հաւաքել մարդիկ նոյն գաղափարի շուրջ: Գաղութէն ներս միշտ կը յիշուի իբրեւ ազնիւ եւ լուռ ծառայող անձնաւորութիւն:

Այսպիսի նուիրեալ դէմքերու շնորհիւ է, որ սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ, շնչել եւ փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ: Այս մարդոց կեանքը ինքնին պատգամ կը դառնայ, պատգամ` նուիրումի, ճաշակի եւ հաւատքի: Այսպիսի մարդիկ չեն անհետանար:

Անոնք կը շարունակեն ապրիլ` բեմերու լոյսին մէջ, երգերու արձագանգին մէջ, աշակերտներու աչքերուն մէջ եւ համայնքի հաւաքական յիշողութեան մէջ:

Սիրելի՛ շրջանաւարտներ,

Այսօր փուլ մը աւարտեցիք. տարիներ շարունակ եղաք այս բեմերուն վրայ, դասարաններուն մէջ սորվելով ոչ միայն նուագել, այլ` զգալ, ստեղծել, սիրել, հաւատալ ձեր կարողութեան եւ հայ մնալ: Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները ձեզի տուին աւելի քան գիտելիք. փոխանցեցին ոգի, արժէք եւ ինքնութիւն: Այս օճախին մէջ դուք գտաք` ընկերութիւն, յիշատակներ, բեմի լոյսեր, յաղթանակներ ու դժուարութիւններ, որոնք ձեզ դարձուցին ամուր:

Սիրելինե՛ր,

Մարդը մեծ կ՛ըլլայ, երբ կը համարձակի երազել: Երազը ձեր ներսի ձայնն է, որ կը մղէ ձեզ դէպի առաջ. հաւատացէք ձեր երազներուն, նոյնիսկ երբ ճամբան թուի ըլլալ դժուար: Ամէն մեծ ստեղծագործութիւն, ամէն մեծ յաջողութիւն սկիզբ առած է մէկ մարդու երազէն: Ո՛ւր որ ալ ըլլաք, տարէք ձեզի հետ` ձեր լեզուն, ձեր մշակոյթը, ձեր արմատները ու ձեր երազները: Երազեցէք մեծ, հաւատացէք ձեր ուղիին եւ մի՛ վախնաք տարբեր ըլլալէ:

Ո՛ւր որ երթաք, յիշեցէք, որ բեմը միայն վարագոյրով տեղ մը չէ, բեմն է կեանքը, եւ դուք պիտի մեկնիք այդ բեմին վրայ, ուրեմն տարէք ձեզի հետ այն լոյսը, որ ստացաք այս օճախէն: Ձեր ապագան ըլլայ պայծառ ու ներշնչող:

Այս գեղեցիկ պահուն խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք` Համազգայինի մեծ ընտանիքին, Շրջանային վարչութեան, խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, որոնք հաւատացին մեր նոր սերունդի ուժին եւ տաղանդին, մեր նուիրեալ ուսուցիչներուն, որոնք նուիրումով սերմանեցին արուեստի սէրը ձեր մէջ, մեր հոգատար ծնողներուն, որոնք զոհաբերութեամբ եւ քաջալերանքով հետեւեցան իրենց զաւակներու զարգացման: Նաեւ ձեզի, սիրելի աշակերտներ, որ գուրգուրանքով մնացիք Համազգայինի յարկին տակ:

Համազգայինը պէտք է պահպանենք բոլորս` վարչականով, տնօրէնով, ուսուցիչով, ծնողով, բարերարով, աշակերտով եւ արուեստագէտով, որովհետեւ առանց մշակոյթի` ազգ մը հետզհետէ կ՛անհետանայ:

Թող մեր բեմերը երբեք չլռեն, թող մեր երգերը շարունակեն հնչել: Թող մեր զաւակներու աչքերուն մէջ արուեստի լոյսը երբեք չմարի, եւ թող Համազգայինը շարունակէ իր լայնածաւալ գործունէութիւնը` սերունդներու հոգիներուն մէջ պահելով գեղեցկութիւնը, յոյսը եւ հայ արմատը:

Կը փակեմ Լեւոն Շանթի խօսքով. «Ազգ մը կրնայ կորսնցնել շատ բան, բայց քանի դեռ կը ստեղծէ, կը սորվի ու մշակոյթ կը փոխանցէ, ան կը շարունակէ ապրիլ»:

Ա՛յս է Համազգայինի առաքելութիւնը:

* Խօսք` արտասանուած Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու 2025-2026 տարեշրջանի աւարտական հանդէսին:

Leave a Comment