Պու Ֆաուր Ընտրութիւններու Երկու Ամիս Յետաձգման Մասին Կը Խօսի
Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր նշեց. «Հետզհետէ աւելի գերակայ կը դառնան երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութեան գաղափարն ու սկզբունքը: Նախապէս ընտրութիւններու յետաձգման մասին խօսող բոլոր տարբերակներուն մասին արձագանգները հետզհետէ կը տկարանան: Գոյութիւն ունի ուղղուածութիւն մը ընտրութիւնները ուշացնելու, որ կրնայ թեքնիք պատճառներով մէկ կամ երկու ամիս ըլլալ` արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան լուծում մը գտնելու համար, … Read more