2025-ին ամէնէն վաստկած ճատրակի վարպետն էր նորվեկիացի Մակնուս Քարլսեն: Աշխարհի 16-րդ ախոյեանը անցեալ տարի մասնակցած է 16 մրցաշարքերու եւ վաստկած 1,455 միլիոն տոլար:
Երկրորդ դիրքը գրաւած է ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա, որ 19 մրցաշարքերու մասնակցելով վաստկած է 889 հազար տոլար:
Հայաստանի հաւաքականի նախկին թիւ 1 Լեւոն Արոնեան, որ այժմ Միացեալ Նահանգները կը ներկայացնէ, մասնակցած է 15 մրցաշարքերու եւ ձեռք ձգած 751 հազար տոլար: