Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Լիբանանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն գծով, այսօր ժամը 14:15-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ղատ Աֆտալի դէմ, Սաֆայի դաշտին վրայ:

Երկու խումբերը օտար չեն եւ իրար գիտեն` նկատի ունենալով, որ Լեռնալիբանանի անցեալ տարիներու ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ վերջին երկու տարիներուն մրցած էր Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալի դէմ, եւ անցեալ տարեշրջանի աւարտին անոնք միասին բարձրացած էին Գ. դասակարգ:

4 հանգրուաններէ ետք Ղատ Աֆտալ 1 կէտի առաւելութիւն ունի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վրայ, որ կոլերու տարբերութեամբ 5-րդ դիրքը կը գրաւէ:

Այսօրուան ճակատումը կը նմանի աւարտական մրցումի, եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը պէտք է իրենց կարելին տան եւ 3 կէտեր շահելով գրաւեն առաջին դիրքը առնուազն 1 օրուան համար:

Ախոյեանութիւնը տակաւին երկար է, բայց արդէն իսկ 5 կէտեր կորսնցուցած մեր տղոց կը մնայ սխալներ թոյլ չտալ եւ օգտուիլ մրցակիցի սխալներէն` 3 կէտեր շահելու:

Երթի վերջին մրցումն է Սաֆայի դաշտին վրայ, եւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ներկայանալ դաշտ` քաջալերելու տղաքը:

Համակիրներուն համար նկատի առնուած են փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 13:00-էն սկսեալ պիտի փոխադրեն համակիրները Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն:

Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ (Սաֆայի դաշտ)

ՎԱՂԸ
Ահլի Սայտա – Հարաքեթ Շապապ (Իմամ Մուսա Սատր դաշտ)
Ժալիլ Քանա – Հորր Ամելի (Ապպաս Նասէր դաշտ)

ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Թաուֆիր – Իժթիմահի (Սաֆայի դաշտ)

 

 

Leave a Comment