Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեան 2025-ը Փակեց Փայլուն Յաղթանակով

2025-ի վերջին օրերուն Մարզական աւանի «Փիեռ Ժեմայէլ»-ի անուան դաշտին մէջ տեղի ունեցած էին գեղարուեստական մարմնամարզութեան վերջին հանգրուանի տարիքային մրցումները` կազմակերպութեամբ Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին:

Սերաֆինա Սերոբեան անգամ մը եւս ինքզինք փաստեց, թէ ինք կը մնայ Լիբանանի լաւագոյնը` գեղարուեստական մարմնամարզութեան ոլորտին մէջ, 5 ոսկի մետալներ ձեռք ձգելով 4 տարբեր ձեւերու (պարանի, ժապաւէնի, օղակի եւ փայտիկներու ձեւեր) մէջ, ինչպէս նաեւ ապահովելով ընդհանուր ախոյեանի տիտղոսը:

Սերաֆինա Սերոբեան, որ 900 մասնակիցներու կողքին պայքարեցաւ` տարբեր մակարդակ ներկայացնելով իր վրայ կեդրոնացուց բոլորին ուշադրութիւնը:

Սերաֆինա Սերոբեան այս ձեւով 2025-ը փակեց  յաջողութեամբ մը եւս, որ աւելցուց տարուան իր մնացեալ յաջողութիւններուն:

Ան Պուլկարիոյ մէջ (յուլիսին) ներկայացուցած էր լիբանանահայութիւնը, ուր եղած էր Լիբանանի միակ ներկայացուցիչը` գեղարուեստական մարմնամարզութեան պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան 370 այլ մարզիկներու կողքին:

Ան նոյեմբերին ալ մասնակցած էր Տուպայի «Ճիմնասթիքա Սոլօ քափ»-ին, ուր շահած էր արծաթ մետալ` բարձր պահելով լիբանանահայութեան անունը:

Յոյսով, որ Սերաֆինա 2026-ին ալ յաջողութիւններ կերտէ` ուրախ եւ հպարտ պահելով ոչ միայն իր ընտանիքը, այլ նաեւ ամբողջ լիբանանահայութիւնը:

 

Leave a Comment