Ափրիկէի ազգերու բաժակի մրցաշարքը կը հասնի իր վերջին հանգրուաններուն: Այսօր տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի երկու ելոյթներ, ուր Մալի կը մրցի Սենեկալի դէմ, իսկ հիւրընկալ երկիր Մարոք կը մրցի Քամերունի դէմ:
Վաղը Ալճերիա պիտի հիւրընկալէ Նիկերիան, իսկ Եգիպտոս` Փղոսկրեայ Ափունքը: Այսօրուան մրցումներուն, Մալի պիտի փորձէ յաղթել իր առաջին մրցումին` նկատի ունենալով, որ 3 հաւասարութիւններ արձանագրելէ ետք Զամպիոյ, Մարոքի եւ Քոմորոսի հետ, միայն փենալթիներով կրցած էր յաղթել Թունուզին: Սենեկալ շատ աւելի հանգիստ հասած էր քառորդ աւարտական` պարտութեան մատնելով Սուտանը 3-1 արդիւնքով:
Այս ախոյեանութեան թիւ 1 թեկնածու եւ հիւրընկալ Մարոք դժուար մրցում մը ունի Քամերունի դէմ, բայց 2017-էն ի վեր Քամերուն ձախողած է պարտութեան մատնել Մարոքը, եւ այսօր դժուար թէ պատահի այդ մէկը, սակայն հակառակ անոր ֆութպոլին մէջ անակնկալի տեղ միշտ կայ: