Անհույս է մտածելը, որ քաղաքային ոչ լեգիտիմ 9%-ոց «իշխանությունը» մտածելու է Ձեր մասին

17 Հունվար, 2026 19:29 Հարգելի՛ Երևանցիներ, Քանի, որ երկու օրից «անկանխատեսելի» ձյուն է տեղալու ու հերթական անգամ փողոցները, բակերն ու մայթերը դառնալու են անանցանելի՝ պետք է պատրաստ լինել սեփական միջոցներով մաքրել ու ապահովել բոլորիս տեղաշարժը։ Անհույս է մտածելը, որ քաղաքային ոչ լեգիտիմ 9%-ոց «իշխանությունը» մտածելու է Ձեր մասին։ Միլիարդավոր դրամներ մսխելով՝ … Read more

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին մէջ նշուած «խաղաղութեան խորհուրդ»-ի ստեղծումը յայտարարեց: «Ինծի համար մեծ պատիւ է յայտարարել, որ խաղաղութեան խորհուրդը կազմուեցաւ: Անոր անդամներուն ցուցակը շուտով պիտի հրապարակուի», յայտնեց Թրամփ: «Կրնամ հաստատել, որ անիկա որեւէ ժամանակի եւ վայրի մէջ ձեւաւորուած մեծագոյն եւ ամէնէն հեղինակաւոր խորհուրդն է», աւելցուց ան: Կարճ … Read more

Սպիտակ Տուն. «Կրինլանտի Մէջ Եւրոպական Ուժերու Ներկայութիւնը Թրամփի Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխէ»

Սպիտակ տունը շեշտեց, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներու Դանիոյ եւ Կրինլանտի ներկայացուցիչներուն հետ ժողովը արդիւնաւէտ էր, եւ զգուշացուց, թէ եւրոպական ուժերու Կրինլանտ ուղարկումը պիտի չազդէ շրջանին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումին վրայ: Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Չեմ կարծեր, որ Եւրոպայի ուժերը պիտի ազդեն նախագահին մօտ որոշումի մշակման հոլովոյթին վրայ, անոնք … Read more

Փութին – Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլին: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Միջին Արեւելքի եւ Իրանի մէջ տիրող կացութիւնը: Փութին ներկայացուցած է շրջանին մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերը կեանքի կոչելու վերաբերեալ իր հիմնարար մօտեցումները: Ռուսական կողմը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը` … Read more

Իսրայէլեան Բանակ. «Վերջին Շաբաթներուն Ամրապնդեցինք Մեր Կարողութիւնները Եւ Բոլոր Սահմաններուն Վրայ Բարձրացուցինք Մեր Պատրաստուածութեան Մակարդակը»

Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց. «Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ամրապնդեցինք մեր կարողութիւնները եւ բոլոր սահմաններուն վրայ բարձրացուցինք մեր պատրաստուածութեան մակարդակը»: «Իսրայէլեան բանակը մարտական բարձր պատրաստուածութեան մէջ է եւ պատրաստ է որեւէ պահու լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու` թէ՛ պաշտպանութեան, թէ՛ յարձակումի ոլորտներուն մէջ», աւելցուց ան:

Իրանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը գումարեց Իրանի հարցով նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուոլց յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Իրանի խիզախ ժողովուրդին, իսկ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հասկցուցած է, որ «կոտորածը դադրեցնելու համար» կը դիտարկուին բոլոր տարբերակները: Ուոլց հերքած է Իրանի մեղադրանքները, թէ բողոքի ցոյցերը «օտարերկրեայ դաւադրութիւններ են», որոնք ուղղուած են զինուորական գործողութիւններու … Read more

Ուիթքոֆ Իրանի Հարցին Մէջ Դիւանագիտական Լուծման Համար 4 Խնդիր Առաջադրած Է

Իսկապէս յոյս ունիմ, որ դիւանագիտական լուծում պիտի ըլլայ: Իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆլորիտայի մէջ Իսրայէլեան-ամերիկեան խորհուրդի խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ան Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու զինուորական հարուածը կը նկատէ՞ հաւանական: Ուիթքոֆ նշած է, որ Իրանի հետ դիւանագիտական … Read more

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը ցոյց կու տայ, թէ Պաքու անզիջող կը մնայ իր որդեգրած` «պատանդներու դիւանագիտութեան» մէջ` Հայաստանէն յաւելեալ քաղաքական զիջումներ խլելու նպատակով: Յանձնախումբը շեշտեց, թէ տակաւին առնուազն 19 հայ գերիներ կը մնան Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, ուր անոնք խոշտանգումներ եւ բռնութիւն կը դիմագրաւեն ու զրկուած են իրենց … Read more

Փեսքով. «Ռուսիան Շահագրգռուած Է Ուքրանիոյ Հարցով Ուիթքոֆի Եւ Քուշների Մոսկուա Նոր Այցելութեամբ»

Ռուսիան շահագրգռուած է Ուքրանիոյ հարցով ամերիկացի բանագնացներու` Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ ձեռնարկատէր Ճարետ Քուշների նոր այցելութեամբ: Սակայն ճշգրիտ թուականները տակաւին որոշուած չեն: Այս մասին լրագրողներու ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Մենք, անշուշտ, հետաքրքրուած ենք նման այցելութեամբ եւ անհամբեր կը սպասենք ատոր», պատասխանած է ան այս հարցին վերաբերեալ հարցումին: Նախքան … Read more