Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին մէջ նշուած «խաղաղութեան խորհուրդ»-ի ստեղծումը յայտարարեց:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է յայտարարել, որ խաղաղութեան խորհուրդը կազմուեցաւ: Անոր անդամներուն ցուցակը շուտով պիտի հրապարակուի», յայտնեց Թրամփ:

«Կրնամ հաստատել, որ անիկա որեւէ ժամանակի եւ վայրի մէջ ձեւաւորուած մեծագոյն եւ ամէնէն հեղինակաւոր խորհուրդն է», աւելցուց ան:

Կարճ ժամանակ առաջ յայտարարուած էր պատերազմէն ետք Կազայի ղեկավարման համար 15 անդամներէ բաղկացած պաղեստինեան փորձագէտներու յանձնախումբի կազմութիւնը:

Թրամփ ըսաւ, որ «իբրեւ Խաղաղութեան խորհուրդի նախագահ» կ՛աջակցի փորձագէտներէ կազմուած այս անցումային յանձնախումբին, որուն պարտականութիւնը «փոխանցման փուլի ընթացքին Կազային իշխելը» պիտի ըլլայ:

Պաղեստինցի քաղաքային ճարտարապետ Ալի Շհէյթի վստահուեցաւ փորձագէտներու յանձնախումբի ղեկավարի պաշտօնը: Ան պիտի ունենայ քանդուած Կազայի վերաշինութեան առաջին փուլի ղեկավարման դժուար պարտականութիւնը:

Նշենք, որ յանձնախումբը երէկ Գահիրէի մէջ գումարեց իր առաջին ժողովը:

Leave a Comment