Փութին – Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլին:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Միջին Արեւելքի եւ Իրանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Փութին ներկայացուցած է շրջանին մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերը կեանքի կոչելու վերաբերեալ իր հիմնարար մօտեցումները:

Ռուսական կողմը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու ձեռնարկել համապատասխան միջնորդական ջանքեր եւ նպաստելու կառուցողական երկխօսութեան խթանման` բոլոր շահագրգիռ պետութիւններուն մասնակցութեամբ:

Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու տարբեր մակարդակներու վրայ հաղորդակցութիւնները:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Փութին Նեթանիահուի հետ զրոյցէն ետք հեռաձայնած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանին:

Leave a Comment