Նեթանիահու. «Հաւանական Է, Որ Կանգնած Ենք Վռճական Պահու Դիմաց, Երբ Իրանցի Ժողովուրդը Պիտի Կարենայ Իր Ճակատագիրը Որոշել»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան շաբաթական ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Կը զօրակցինք իրանցի ժողովուրդի պայքարին եւ անոր ազատութեան ու արդարութեան ձգտումին»: «Հաւանական է, որ կանգնած ենք վճռական պահու դիմաց, երբ իրանցի ժողովուրդը պիտի կարենայ իր ճակատագիրը որոշել», նշեց Նեթանիահու: Ան նաեւ նշեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը կ՛աջակցի Վենեզուելայի մէջ «ամերիկեան վճռական քայլին»:  

Էրտողան. «Սոմալիլանտի Ճանաչումը Անօրինական Է»

Իսրայէլի կողմէ Սոմալիլանտի ինքնահռչակ հանրապետութեան ճանաչումը անօրինական է: Այս մասին Անգարայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Սոմալիլանտի ճանաչման մասին որոշումը անընդունելի է եւ անօրինական: Ձեռքերը 71 հազար պաղեստինցիներու արեան մէջ թաթխելով` Նեթանիահուն այժմ ալ կը փորձէ ապակայունացնել ափրիկեան ցամաքամասի արեւելեան շրջանները», Սոմալիի նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած … Read more

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին. Թրամփ Զելենսքիի Պահանջած Անվտանգութեան Երաշխիքները Պիտի Չտրամադրէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին պիտի չտրամադրէ անոր պահանջած անվտանգութեան երաշխիքները: Այս մասին հաղորդեց «Նիւ Եորք Թայմզ»: Ըստ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին, Զելենսքիի կողմէ անվտանգութեան որոշակի երաշխիքներու անդադար հետապնդումը ի վերջոյ անօգուտ պիտի ըլլայ եւ, հաւանական է, նոյնիսկ վտանգաւոր: Նոյնիսկ եթէ ամերիկացի ղեկավարը Ուքրանիոյ վերաբերեալ որեւէ պարտաւորութիւն ընդունի, ան կրնայ դիւրութեամբ պատրուակներ … Read more

Ապտելաթի. «Զէնքի Մենաշնորհման Եւ Զայն Պաղեստինեան Համապարփակ Հովանիի Տակ Հաւաքագրման Շուրջ Համաձայնութիւններ Կան»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի յայտնեց, թէ Եգիպտոսի, Համաս շարժումի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ Կազայի մէջ յաջորդ փուլի դասաւորումներու ծիրին մէջ գործակցութիւն ու շարունակուող ներգրաւուածութիւն գոյութիւն ունի: Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ զէնքի մենաշնորհման եւ պաղեստինեան համապարփակ հովանիի տակ հաւաքագրման շուրջ համաձայնութիւններ գոյութիւն ունին, եւ ատիկա «ուղղուածութիւն մըն է, որուն շուրջ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ … Read more

Ձախողումն ու ցայտնոտը վատ խորհրդականներ են. քաղաքագետ

Քաղաքական տեսանկյունից երեկ տեղի ունեցածում կա շատ ավելի քաղաքական առումով մեծ ձախողում: Փաստացի այլևս այդ պաշտոնական ստորագրությամբ, քաղաքական/գործադիր իշխանության ղեկավարը իրեն վերապահեց իրավունք զբաղվել եկեղեցական իշխանությամբ և դուռ բացեց հոգևորականների համար անկաշկանդ այլևս զբաղվել քաղաքականությամբ և քաղաքական իշխանությամբ: Փաստացի ցեյտնոտը տապալեց մի հսկա նարատիվ «հոգևորականը իրավունք չունի զբաղվել քաղաքականությամբ», որից կառչած էր իշխանությունը, որպես արգումենտ … Read more

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա նշեց. «Յստակ կերպով կ՛երեւի, թէ կառավարութեան ելեւմտական բացի նախագիծին ու տնտեսական խորհուրդներուն եւ դրամատուներուն միջեւ տարակարծութիւնը երկու կէտի վրայ է` 9 միլիառ տոլարը, որ ծաւալն է պարտադիր պահեստի գումարին, որ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն կը պատկանի եւ ոչ թէ անոնց երկուքին, ինչպէս նաեւ ճգնաժամի համակարգային կամ համապարփակ որակումն … Read more

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

Լիբանանեւպաղեստինեան յանձնախումբի նախագահ Ռամեզ Տիմաշքիէ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զէնքի յանձնման գործողութեան չամբողջանալու պատճառին: «Կարգ մը լրատուամիջոցներու տեսախցիկները ներկայ էին, ինչպէս նաեւ յանձնուեցան զէնքերով բեռցուած չորս բեռնակառքեր, որոնք կը պարունակէին նկատառելի զէնքեր, ներառեալ «Քոռնեթ» տիպի հրթիռներ, սակայն գործողութիւնը որոշ չափով գումակային գետնի վրայ դժուար էր», ըսաւ ան: … Read more

Մըքտատ. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Մեզ Ներքին Սադրանքի Մէջ Ներքաշել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ նշեց. «Դիմադրութիւնն է, որ 1982 թուականէն ի վեր Լիբանանը պաշտպանեց, եւ ինքն է, որ պիտի շարունակէ զայն պաշտպանել` շնորհիւ իր նահատակներու արիւնին եւ զոհողութիւններուն»: Երեսփոխանը Հըզպալլայի կազմակերպած քաղաքական հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Դիմադրութիւնը հազարաւոր նահատակներ, վիրաւորներ եւ գերիներ չտուաւ, որպէսզի իսրայէլացի թշնամիին առջեւ ծունկի գայ, այլ այդ զոհողութիւնները կատարեց, … Read more

Հաճիեւ. «907-րդ Լրացման Պահպանումը Կը Հարուածէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթը»

«Ազրպէյճանին ամերիկեան ուղղակի օգնութեան տրամադրումը արգիլող 907-րդ լրացման պահպանումը կը հարուածէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթը», «Ուաշինկթըն Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ: «Թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի կառավարութիւնները դժուար պայքար կը մղեն խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար: Ատոր հետ միատեղ, սակայն, ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ ոմանք … Read more

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց Պաթրունին` 96-90 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի այս տարեշրջանի երթի իրենց վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 96-90 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ արձանագրեցին Պաթրունի վրայ: Մրցումը բաւական դժուար էր, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ, ինչպէս իր վերջին 4 մրցումներուն, վիրաւոր Թայլըր Պէյի հետ փորձեց խաղալ: Ինչպէս մարզիչ Ճօ Մոժահես ըսաւ, Թայլըր իր 30 տոկոս կարողութեամբ խաղցաւ, բայց անհրաժեշտ էր անոր ներկայութիւնը, մանաւանդ որ մրցակից … Read more