Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին. Թրամփ Զելենսքիի Պահանջած Անվտանգութեան Երաշխիքները Պիտի Չտրամադրէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին պիտի չտրամադրէ անոր պահանջած անվտանգութեան երաշխիքները: Այս մասին հաղորդեց «Նիւ Եորք Թայմզ»:

Ըստ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին, Զելենսքիի կողմէ անվտանգութեան որոշակի երաշխիքներու անդադար հետապնդումը ի վերջոյ անօգուտ պիտի ըլլայ եւ, հաւանական է, նոյնիսկ վտանգաւոր:

Նոյնիսկ եթէ ամերիկացի ղեկավարը Ուքրանիոյ վերաբերեալ որեւէ պարտաւորութիւն ընդունի, ան կրնայ դիւրութեամբ պատրուակներ գտնել` զանոնք կատարելէ խուսափելու համար:

Թրամփի Ուքրանիոյ համար ամերիկեան անվտանգութեան երաշխիքները յարգելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ կասկածները կը բխին այն փաստէն, որ պարբերական սպառնալիքներէն անկախ, ան երբեք չէ ցուցաբերած Ռուսիոյ հետ ուղղակի բախում ունենալու աննշան ցանկութիւն:

 

Leave a Comment