Նեթանիահու. «Հաւանական Է, Որ Կանգնած Ենք Վռճական Պահու Դիմաց, Երբ Իրանցի Ժողովուրդը Պիտի Կարենայ Իր Ճակատագիրը Որոշել»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան շաբաթական ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Կը զօրակցինք իրանցի ժողովուրդի պայքարին եւ անոր ազատութեան ու արդարութեան ձգտումին»:

«Հաւանական է, որ կանգնած ենք վճռական պահու դիմաց, երբ իրանցի ժողովուրդը պիտի կարենայ իր ճակատագիրը որոշել», նշեց Նեթանիահու:

Ան նաեւ նշեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը կ՛աջակցի Վենեզուելայի մէջ «ամերիկեան վճռական քայլին»:

 

Leave a Comment