Էրտողան. «Սոմալիլանտի Ճանաչումը Անօրինական Է»

Իսրայէլի կողմէ Սոմալիլանտի ինքնահռչակ հանրապետութեան ճանաչումը անօրինական է: Այս մասին Անգարայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«Սոմալիլանտի ճանաչման մասին որոշումը անընդունելի է եւ անօրինական: Ձեռքերը 71 հազար պաղեստինցիներու արեան մէջ թաթխելով` Նեթանիահուն այժմ ալ կը փորձէ ապակայունացնել ափրիկեան ցամաքամասի արեւելեան շրջանները», Սոմալիի նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Էրտողան:

Սոմալիլանտը կը գտնուի Սոմալիի դաշնակցային հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի հիւսիսային հատուածին մէջ:

Անիկա անկախութիւն հռչակած է մայիս 1991 թուականին: Սոմալիլանտի անկախութիւնը ճանչցած միակ երկիրը Իսրայէլն է:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սոմալիլանտի անկախութիւնը ճանչցաւ 26 դեկտեմբերին:

Leave a Comment