Բագրատունի. «Լիբանանահայերը Եկեղեցւոյ Եւ Վեհափառի Կողքին Են»

«Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը փորձէ երկիրը ապակայունացման տանիլ», այս մասին «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի: Ըստ Բագրատունիի, Լիբանանի հայ համայնքին համար եկեղեցին այն խորհրդանիշն է, որ պահած է, կը պահէ եւ կը շարունակէ պահել ժողովուրդը: «Լիբանանահայութեան մէջ այս արշաւին կողմ մարդիկ չկան, կրնան ըլլալ անհատներ, … Read more

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը կմեկնի Կիպրոս

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը կմեկնի Կիպրոս․ «Այսօր` Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Կիպրոս` ընդառաջելով Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանի եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին։ Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Մեծի … Read more

Փափազեան. «Սփիւռքը Չ՛օժանդակեր Եկեղեցւոյ Դէմ Փաշինեանի Արշաւին»

«Սփիւռքի մէջ բոլորը կը քննադատեն եւ կը դատապարտեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ տարուող արշաւը, այս մասին «Ալֆա նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան: «Ես չիմացայ, չհանդիպեցայ, չլսեցի գէթ մէկ կազմակերպութիւն, որ կ՛օժանդակէ այս արշաւին: Յստակ է, որ Փաշինեանի` եկեղեցւոյ դէմ արշաւը սփիւռքի մէջ չ՛ընդունուիր: … Read more

Վալթոնեն. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Ականատես Եղայ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Մէջ Դրական Փոփոխութիւններու»

Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ ներկայիս դրական ընթացք կը նկատուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ: Այս մասին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի 32-րդ նիստի բացման ժամանակ յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնեն: «Հարաւային Կովկասի մէջ ես ականատես եղայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ դրական փոփոխութիւններու: Օգոստոսին մենք … Read more

Արշակ Արք. Խաչատրեանը Ձերբակալուեցաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ Քննչական կոմիտէի շէնքին մէջ ձերբակալած է Մայր աթոռի Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանը, յայտնած է անոր փաստաբան Արսէն Բաբայեան: Քրէական դատարանէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Արշակ սրբազանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնը պիտի քննէ դատաւոր Մասիս Մելքոնեանը, որ կալանաւորելու որոշում տուած էր Միքայել սրբազանին եւ Բագրատ սրբազանին: Արսէն Բաբայեանի համաձայն, դատական … Read more

Նախագահ Աուն. «Անհրաժեշտ Է, Որ Պատերազմի Լեզուին Տեղ Բանակցութեան Լեզուն Տիրէ»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն սկիզբը նախագահ Աուն խօսեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութեան մասին եւ կարեւորութեամբ նշեց լիբանանցիներուն եւ անոնց միասնականութեան պատկերը: «Դեսպան Սիմոն Քարամի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան պետ նշանակումը տեղի ունեցաւ իմ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ Նաքուրայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունենալու … Read more

120 մլն դրամ անանուն աղբյուրից. «Իմ քայլը» հիմնադրամն ավելի շատ նվիրատու ունի, քան արած գործ. «Ժողովուրդ»

«Ժողովուրդ» օրաթերթը գրում է. ««Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցության ստեղծած «Իմ քայլը» հիմնադրամը ավելի շատ աչքի է ընկնում նվիրատուների ցանկով, քան արած գործով եւ աշխատանքով։ Բանն այն է, որ 2025 թվականի ընթացքում հիմնադրամը 8 անանուն աղբյուրից ստացել է 120 մլն դրամ։ 20 մլն դրամ Հիմնադրամին նվիրաբերել է «Արսենալ ԼՏԴ» ՍՊ ընկերությունը, որը 2019 թվականին զենքի եւ զինամթերքի … Read more

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն Կը Յուսայ, Որ «Մեքանիզմ»-ի Ժողովը Նպաստէ Լիբանանի Մէջ Պատերազմի Վերսկսումէն Խուսափելու

«Աքսիոս» կայքը Նաքուրայի մէջ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի վերջին ժողովին շուրջ տեղեկատուութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլէն եւ Լիբանանէն դիւանագէտներ չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ ժողով գումարեցին եւ քննարկեցին տնտեսական ծրագիրներու մէջ գործակցութիւնը` նպաստելու համար երկու երկիրներու հասարակաց սահմանին մօտ գտնուող հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան կայունացման»: Ամերիկեան կայքը նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը 9 ամիսներէ ի … Read more

«Սալամին Փոխանցեցի, Թէ Քաթար Պիտի Շարունակէ Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Աջակցիլ Լիբանանեան Կառավարութեան» Կ՛ըսէ Քաթարի Դեսպանը

Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Քաթարի դեսպանը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպում ունեցայ վարչապետին հետ, որ վաղը պիտի մեկնի Տոհա` մասնակցելու համար Տոհայի ֆորումին, եւ անոր փոխանցեցի, թէ Քաթարի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ բոլոր ոլորտներուն` տնտեսական, քաղաքական, զինուորական եւ առողջապահական ոլորտներուն մէջ աջակցիլ … Read more

Սալամ-Քարամ Հանդիպում

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մասնակից լիբանանեան պատուիրակութեան պետ, դեսպան Սիմոն Քարամը, որ իրեն ներկայացուց Նաքուրայի մէջ չորեքշաբթի օր գումարուած «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին արդիւնքները: Սալամ ընդգծեց, թէ Քարամի լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորելը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի աշխատանքի յառաջ մղման մէջ կարեւոր քայլ է»: Վարչապետը նաեւ ընդունեց «Ռեժի» հաստատութեան տնօրէն Նասիֆ Սաքլաուին, որուն կ՛ընկերակցէր «Ռեժի»-ի … Read more