Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ Քննչական կոմիտէի շէնքին մէջ ձերբակալած է Մայր աթոռի Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանը, յայտնած է անոր փաստաբան Արսէն Բաբայեան: Քրէական դատարանէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Արշակ սրբազանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնը պիտի քննէ դատաւոր Մասիս Մելքոնեանը, որ կալանաւորելու որոշում տուած էր Միքայել սրբազանին եւ Բագրատ սրբազանին: Արսէն Բաբայեանի համաձայն, դատական նիստը նշանակուած է ուրբաթ օր առաւօտեան ժամը 9։30-ին։
Քննչական կոմիտէէն նշած են, որ քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին սրբազանին նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 393-րդ յօդուածի 2-րդ մասի առաջին եւ 4-րդ կէտերով (խումբ մը անձերու կողմէ նախնական հանաձայնութեամբ թմրամիջոց ապօրինի գործածելը՝ հանդիսադիր վայրի մէջ):
Փաստաբանը աւելի ուշ մանրամասնած է, որ Արշակ արք. Խաչատրեանը կը մեղադրեն 2018-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի դէմ բողոքի ցոյց իրականացնողներէն մէկը վարկաբեկելու նպատակով անոր պայուսակին մէջ թմրամիջոց դնելու յանցանքով:
Խօսքը «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժման ցոյցին մասին է: