«Սալամին Փոխանցեցի, Թէ Քաթար Պիտի Շարունակէ Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Աջակցիլ Լիբանանեան Կառավարութեան» Կ՛ըսէ Քաթարի Դեսպանը

Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

Քաթարի դեսպանը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպում ունեցայ վարչապետին հետ, որ վաղը պիտի մեկնի Տոհա` մասնակցելու համար Տոհայի ֆորումին, եւ անոր փոխանցեցի, թէ Քաթարի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ բոլոր ոլորտներուն` տնտեսական, քաղաքական, զինուորական եւ առողջապահական ոլորտներուն մէջ աջակցիլ լիբանանեան կառավարութեան»:

«Մենք Լիբանանով հետաքրքրուած ենք», նշեց ան:

Դեսպանը նաեւ շեշտեց. «Լիբանանի կայունութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր եւ մեր սրտին թանկ է»:

Leave a Comment