Վալթոնեն. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Ականատես Եղայ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Մէջ Դրական Փոփոխութիւններու»

Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ ներկայիս դրական ընթացք կը նկատուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ: Այս մասին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի 32-րդ նիստի բացման ժամանակ յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնեն:

«Հարաւային Կովկասի մէջ ես ականատես եղայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ դրական փոփոխութիւններու: Օգոստոսին մենք համախոհութեան հասանք Մինսքի հոլովոյթին բոլոր կառոյցները փակելու վերաբերեալ, ինչ որ կարեւոր քայլ էր, որ աջակցեցաւ խաղաղութեան հոլովոյթին եւ վերացուց ԵԱՀԿ-ի պիւտճէի որդեգրման ճամբուն վրայ գտնուող լուրջ խոչընդոտ մը», նշած է Վալթոնեն:

 

Leave a Comment