Սալամ-Քարամ Հանդիպում

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մասնակից լիբանանեան պատուիրակութեան պետ, դեսպան Սիմոն Քարամը, որ իրեն ներկայացուց Նաքուրայի մէջ չորեքշաբթի օր գումարուած «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին արդիւնքները:

Սալամ ընդգծեց, թէ Քարամի լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորելը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի աշխատանքի յառաջ մղման մէջ կարեւոր քայլ է»:

Վարչապետը նաեւ ընդունեց «Ռեժի» հաստատութեան տնօրէն Նասիֆ Սաքլաուին, որուն կ՛ընկերակցէր «Ռեժի»-ի վարչական խորհուրդի անդամներէն պատուիրակութիւն մը:

Սաքլաուի հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ Սալամին ներկայացուցած է «Ռեժի»-ի 2024 թուականին կատարած աշխատանքներն ու ձեռքբերումները եւ զինք հրաւիրած հաստատութիւն այցելելու:

 

Leave a Comment