Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու ժողովներու ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնց շարքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Քուէյթի երիտասարդութեան հարցերու պետական նախարար Ապտելռահման Մթէյրիի եւ Քաթարի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ: Երէկ առաւօտեան Պայրագտարեանի … Read more

Ռաժժիի Արտայայտած Դիրքորոշման Վերաբերեալ Կեցուածքներ

Ամալ շարժումի ղեկավար մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Հեգնական է, որ մեր կառավարութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարը կ՛արդարացնեն սիոնական թշնամիին կողմէ լիբանանեան հողերու մէկ բաժինի գրաւումը, երբ նահատակներուն ու վիրաւորներուն արիւնը տակաւին չէ չորցած»: Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց` իր քաղաքական դիրքորոշման ու աշխատանքային ծրագիրին մէջ փնտռելու, թէ ազգային գերիշխանութեամբ հետաքրքրուա՞ծ է կամ արտաքին գործոց նախարարի … Read more

Իրանում ցուցարարների սպանությունները դադարեցված են ու մահապատիժներ չեն լինի. Թրամփ

Միացյալ Նահանգների նախագահ Դոնալդ Թրամփը հայտարարել է, որ իր ունեցած տեղեկություններով՝ Իրանում դադարեցվել են ցուցարարների սպանությունները և կասեցվել…

Ըստ «Ժազիրա»-ի. Լիբանանեան Բանակը Աուալի Եւ Լիթանի Գետերուն Միջեւ Կացութեան Գումակային Տեսանկիւնէն Գնահատումը Կը Կատարէ

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան զինուորական աղբիւր մը յայտնած է. «Բանակը Աուալի եւ Լիթանի գետերուն միջեւ կացութեան գումակային տեսանկիւնէն գնահատումը կը կատարէ»: «Բանակը այդ գնահատման վրայ հիմնուելով զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլի պատկերացում մը պիտի մշակէ», նշած է աղբիւրը:    

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներ Խմբաւորումը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Կ՛որակէ

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորումը ահաբեկչական խմբաւորում որակեց` ընդառաջելով իր արաբ դաշնակիցներու եւ պահպանողական ամերիկացիներու պահանջներուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս որակումը կ՛արտացոլացնէ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորման մասնաճիւղերուն կատարած բռնարարքներուն եւ անկայունութեան դիմակայման համար շարունակուող ջանքերուն առաջին քայլերը»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի … Read more

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն Նոր Պատգամ

Մինչ Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը երրորդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակուին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցուցարարներուն կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւնները գրաւելու` ըսելով. «Օգնութիւնը ճամբան է»: Թրամփ խոստացաւ «չափազանց ուժեղ քայլ» որդեգրել, եթէ իրանեան իշխանութիւնները մահապատիժի ենթարկեն ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուած անձեր: Ան իրանցի ցուցարարները քաջալերեց իրենց շարժումը մինչեւ իշխանութիւններու տապալում շարունակելու: «Իրանցի պաշտօնատարներու հետ բոլոր ժողովները … Read more

Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը անցեալ տարի մշակուած ծրագիրին հիմամբ 6 փետրուարին Կրինլանտի մէջ հիւպատոսարան պիտի բանայ: Պարրօ «Էր.Թէ.Էլ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրին Կրինլանտը շանթաժի ենթարկելէ եւ ինքնավար կղզիին տիրելու իրենց փափաքին վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարելէ: «ՕԹԱՆ-ի մէկ այլ անդամ յարձակումի … Read more

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս շաբաթ օր, Անսար գիւղի «Իմամ Մուսա Սատր»-ի անուան մարզադաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի ըլլայ հիւրը Ահլի Սայտայի, Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ շաբթուան մրցումներուն: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր նոր մարզիչին հետ առաջին ելոյթը պիտի ունենայ, պիտի փորձէ նոր մթնոլորտի մէջ եւ նոր դաշտի վրայ 3 կէտ ձեռք ձգել` 2-րդ դիրքը … Read more

Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի

Մանչեսթըր Եունայթըտ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Մայքըլ Քարիք ժամանակաւոր գլխաւոր մարզիչ նշանակած է: 44 տարեկան մասնագէտը պայմանագիր կնքած է «Կարմիր սատանաներ»-ուն հետ մինչեւ ընթացիկ եղանակի աւարտը: 3 տարի Միտըլզպորոն մարզելէ ետք, Քարիք 2025-ի յունիսէն ետք անգործ էր: Մայքըլ Քարիք 2006-էն 2018 մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտին, որմէ ետք աւարտած է իր ասպարէզը` դառնալով ակումբի օգնական մարզիչ: … Read more

Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

7 յունուարին կանացի Անթուան Սեմենիօ իր վերջին մրցումը կատարեց Թոթենհամի դէմ եւ 95-րդ վայրկեանին նշանակեց Պորնմաութի յաղթանակի կոլը` 5 տարեշրջաններէ ետք լքելով Պորնմաութը եւ միանալով Մանչեսթըր Սիթիի: Սիթիի հետ Սեմենիօ 3 օր ետք, Անգլիոյ բաժակի գծով Էքսեթըր ակումբին դէմ նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց էսիսթ: 3 օր եւս, եւ երեքշաբթի գիշեր, այս անգամ «Ի. Էֆ. … Read more