Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը անցեալ տարի մշակուած ծրագիրին հիմամբ 6 փետրուարին Կրինլանտի մէջ հիւպատոսարան պիտի բանայ:

Պարրօ «Էր.Թէ.Էլ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրին Կրինլանտը շանթաժի ենթարկելէ եւ ինքնավար կղզիին տիրելու իրենց փափաքին վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարելէ:

«ՕԹԱՆ-ի մէկ այլ անդամ յարձակումի ենթարկելը ոչ միայն անտրամաբանական է, այլ նաեւ կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն: Ուստի, յստակ է, որ այս շանթաժը պէտք է դադրեցնել», նշեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

Ֆրանսական կառավարութեան բանբեր Մոտ Պրեժոն յայտնեց. «Կրինլանտին առնչուող յայտարարութիւնները չենք թերագնահատեր: Եթէ դաշնակից եւրոպական պետութեան մը գերիշխանութիւնը ոտնահարուի, ատոր հետեւող հետեւանքները պիտի ըլլան աննախադէպ: Ֆրանսան առաւելագոյն հետաքրքրութեամբ կը հետեւի կացութեան, եւ Դանիոյ ու անոր գերիշխանութեան ամբողջովին զօրակցող դիրքորոշում մը պիտի որդեգրէ»:

Կրինլանտցի պաշտօնատար մը «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է, որ կղզիի բնակիչները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հնչեցուցած սպառնալիքներէն չափազանց մտահոգ են: Ան այդ սպառնալիքները «անհասկնալի» որակեց:

Կրինլանտի աշխատանքի եւ ուժանիւթի նախարար Նայա Նասա Նիլսեն բրիտանացի օրէնսդիրներու հետ ժողովէ մը ետք անոնցմէ օգնութիւն խնդրեց ետ մղելու եւ դիմակայելու համար ամերիկեան «շփոթի մատնող ու վարկաբեկիչ» յարձակումը:

Leave a Comment