Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

7 յունուարին կանացի Անթուան Սեմենիօ իր վերջին մրցումը կատարեց Թոթենհամի դէմ եւ 95-րդ վայրկեանին նշանակեց Պորնմաութի յաղթանակի կոլը` 5 տարեշրջաններէ ետք լքելով Պորնմաութը եւ միանալով Մանչեսթըր Սիթիի:

Սիթիի հետ Սեմենիօ 3 օր ետք, Անգլիոյ բաժակի գծով Էքսեթըր ակումբին դէմ նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց էսիսթ: 3 օր եւս, եւ երեքշաբթի գիշեր, այս անգամ «Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակին գծով, Սեմենիօ բաւական լաւ ելոյթ մը ունեցաւ «Սենթ Ճէյմս փարք»-ի մէջ Նիւքեսըլի դէմ եւ կոլ մը նշանակեց օգնելով, որ Սիթի երթի մրցումին յաղթական վերադառնայ Մանչեսթըր 2-0 արդիւնքով:

Կիսաւարտականի այս մրցումի երկրորդ կոլը նշանակեց ֆրանսացի Ռայան Շերքի 98-րդ վայրկեանին:

Նիւքեսըլ այդքան ալ վատ վիճակի մէջ չէր, բայց առիթներ կոլի չկրցան վերածել մարզիկները:

Տաք պիտի ըլլայ Լոնտոնի տերպին` միւս կիսաւարտականին, ուր պիտի մրցին Չելսի եւ Արսենալ:

Նշենք, որ 4 փետրուարին Սիթի պիտի հիւրընկալէ Նիւքեսըլը` դարձի մրցումներուն:

Leave a Comment