Մանչեսթըր Եունայթըտ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Մայքըլ Քարիք ժամանակաւոր գլխաւոր մարզիչ նշանակած է: 44 տարեկան մասնագէտը պայմանագիր կնքած է «Կարմիր սատանաներ»-ուն հետ մինչեւ ընթացիկ եղանակի աւարտը:
3 տարի Միտըլզպորոն մարզելէ ետք, Քարիք 2025-ի յունիսէն ետք անգործ էր:
Մայքըլ Քարիք 2006-էն 2018 մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտին, որմէ ետք աւարտած է իր ասպարէզը` դառնալով ակումբի օգնական մարզիչ: 2021-ին ալ ան ժամանակաւոր գլխաւոր մարզիչն էր:
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Ալվարօ Արպելոա, որ փոխարինեց Չապի Ալոնսոն:
Ալոնսօ, որ համաձայնութեամբ հեռացաւ Ռէալ Մատրիտէն, շնորհակալութեան նամակ մը յղած էր ակումբի ղեկավարութեան, մարզիկներուն եւ համակիրներուն, լքած էր իր պաշտօնը 6 ամիսներէ ետք:
Արպելոա, որ երիտասարդներու խումբերու մարզիչն էր, դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք, մանաւանդ որ Ալոնսոյի ձեռք ձգած արդիւնքներուն հիմնական պատճառներէն մէկն էր մարզիկներուն ոչ ամբողջական քաջալերանքը:
Շատ յստակ էր առաջին օրէն, որ Վինիսիուս, Ճուտ Պելինկհամ եւ Ֆետերիքօ Վալվերտէ շատ գոհ չեն մարզիչէն, մինչ Քիլիան Էմպափէ միշտ ալ մօտ էր Ալոնսոյին:
Նիւթ կար մինչեւ իսկ գերմանացի Եուրկըն Քլոփը ձեռք ձգելու մասին, սակայն գերմանացի մասնագէտը մերժած էր այդ գաղափարը:
«Եթէ Չապի Ալոնսոն, որ աւելի քան երկու տարի Պայեր Լեւերքուզընի հետ կը ցուցադրէր մարզչական բացառիկ տաղանդ, եւ ստիպուած է 6 ամիս ետք հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն, ասիկա յստակ վկայութիւն է, որ ակումբին մէջ շատ լաւ մթնոլորտ չկայ», ըսած է Քլոփ: