Միացեալ Նահանգներ Կը Նախատեսեն 2-2,5 Տարուան Ընթացքին Նոր Դասի Մարտանաւեր Կառուցել

Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն 2-2,5 տարուան ընթացքին նոր դասի մարտանաւեր կառուցել: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Մենք, հաւանաբար, կը խօսինք 2 կամ 2,5 տարուան մասին: Ասիկա հակայարձակում է», ընդգծած է Սպիտակ տան ղեկավարը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞ւ դէմ ուղղուած է նաւաշինութեան ծրագիրը եւ արդեօք անիկա Չինաստանի դէ՞մ ուղղուած է: Թրամփ … Read more

Թրամփ Մաքրոնին Մաքսատուրքերով Սպառնացած Է, Եթէ Ֆրանսայի Մէջ Դեղերու Գիները Չբարձրացնէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին մաքսատուրքերով սպառնացած է, եթէ ան Ֆրանսայի մէջ դեղերու գիները չբարձրացնէ: «Ես ըսի. «Էմանուել, դուն պէտք է դեղերու գիները բարձրացնես»: Ան ըսաւ. «Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ»: Ես պատասխանեցի. «Եթէ դուն չընես, ես 25 առ հարիւրի մաքսատուրք պիտի հաստատեմ Ֆրանսայէն Միացեալ Նահանգներ արտածուող ամէն ինչի վրայ», լրագրողներուն պատմած է … Read more

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Նշանակալի Դեր Ունի Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ամրապնդման Գործին Մէջ»

Վրաստանը նշանակալի դեր ունի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ: Այս մասին Թիֆլիսի մէջ դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ: Անոր համաձայն, վրացական դիւանագիտական կազմի շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքերը պէտք է յառաջիկայ տարիներուն շարունակուին: «Վրաստանը կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանին մէջ, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան … Read more

Հունգարիան Արգելակած Է Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման Մասին Տարեկան Յայտարարութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը չէ կրցած ընդունիլ թեկնածու երկիրներու յառաջընթացին վերաբերեալ իր տարեկան յայտարարութիւնը Հունգարիոյ` Ուքրանիոյ անդամակցութեան դէմ ըլլալուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն: Հունգարիան, որ դէմ է Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, արգելակած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հոլովոյթին վերաբերեալ տարեկան յայտարարութիւնը: Վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կառավարութիւնը չէ աջակցած Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան համարկման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու դրական … Read more

«Ոչ Ոք Կը Հաւատայ, Թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Հետ Հակամարտութեան Մէջ Պիտի Պարտուի» Կ՛ըսէ Պելճիքայի Վարչապետը

Իրականութեան մէջ ոչ ոք կը հաւատայ, թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ հակամարտութեան մէջ պիտի պարտուի: Այս մասին «Լա Լիպր» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Պելճիքայի վարչապետ Պարթ Տէ Վեւեր: «Ասոնք հեքիաթներ են, զուտ պատրանքներ», ըսած է Տէ Վեւեր: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ հաւանական պարտութիւնը անցանկալի է, որովհետեւ ատիկա կրնայ յանգեցնել հիւլէական ուժ ունեցող երկրի մէջ անկայունութեան: … Read more

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

Երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստը` վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նախագահութեամբ: Նիստէն ետք  տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ներկայացուց կառավարութեան որոշումները եւ յայտնեց, որ ժողովին ընթացքին քննարկուեցան բարգաւաճման առումով ծախսերը եւ եկամուտները շատցնելու կարելիութիւնները` հանրային սեփականութեան եւ պետութեան սեփականութիւնը եղող կալուածներու վերաբերող հարցերու կողքին: Մըրքոս հաստատեց, որ վերակառուցման օրակարգը երբեք անտեսուած չէ, եւ մօտիկ ապագային կը … Read more

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երկուշաբթի, 12 եւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին, Սեւ ծովէն Լիբանան հասած ձիւնամրրիկը երկիրը սպիտակով ծածկեց: Արդարեւ, սաստիկ ցուրտի այս ալիքը առատ ձիւն պատճառեց լեռնային շրջաններուն մէջ, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ առատ կարկուտ տեղաց: Այս ձիւնամրրիկը իր բարիքներուն առընթեր, իր աւերներն ալ գործեց, ինչպէս կարգ մը շրջաններու մէջ արմաւենիի ծառեր արմատախիլ եղան, իսկ Պէյրութի մէջ կարգ … Read more

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց իր եգիպտացի պաշտօնակից, արաբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդի գործադիր գրասենեակի նախագահ Աշրաֆ Սուպհիի, Եգիպտոսի վարչական նոր մայրաքաղաքին մէջ: Եգիպտացի նախարարի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ռաէտ Ատուան: Քննարկուեցան Լիբանանը, Եգիպտոսը եւ Յորդանանը հետաքրքրող երիտասարդական եւ … Read more

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր ժամը 21:30-ին Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ»-ի անուան մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ: Իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ ելոյթ մը ունեցած էր Ինմաա Տամուրի դէմ եւ յաղթած 86-52 արդիւնքով, մինչ Էն. Էս. Էյ. բաւական ծանր պայքարէ ետք 62-57 արդիւնքով պարտուած էր մրցումի … Read more

Մենք մտահոգված ենք, որ ԱՄՆ-ն կարող է TRIPP-ն օգտագործել իր քաղաքականության շրջանակներում․ ՀՀ-ում Իրանի դեսպան

14 Հունվար, 2026 19:11 Հայաստանը մեզ համար բարեկամ երկիր է, երկու երկրների ղեկավարների միջև գոյություն ունի վստահության բարձր մակարդակ։ Այս մասին հունվարի 14-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ հայտարարել է Հայաստանում Իրանի արտակարգ և լիազոր դեսպան Խալիլ Շիրգոլամին։ «Մենք ուրախ ենք Հայաստանի ապաշրջափակման և զարգացման հարցում ցանկացած դրական քայլի համար։ … Read more